Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Վահէ Գրիգորեան Երդումով Ստանձնեց Սահմանադրական Դատարանի Դատաւորի Պաշտօնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վահէ Գրիգորեան երդման արարողութեամբ ստանձնեց ՀՀ սահմանադրական դատարանի դատաւորի պաշտօնը: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Գրիգորեանի երդման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ԱԺ Յունիս 20-ի նիստի ընթացքին:

«Ինծի համար բարձր պատիւ է Սահմանադրական Դատարանի դատաւորի պաշտօնը երդմամբ ստանձնելը: Սա Հայաստանի մէջ վերջին տասնամեակներուն առաջին անգամ ժողովուրդի ազատ կամարտայայտութեամբ ընտրուած Ազգային Ժողովին կողմէ ընտրուած առաջին բարձր դատական պաշտօնն է: Այս պաշտօնին իմ ընտրութիւնը երկար ճանապարհ անցած է, ատիկա եղած է բաց ու թափանցիկ․․․»,-ըսած է Գրիգորեան:

ԱՆ նշած է, որ այդ անցումային տրամաբանութեան մէջ Սահմանադրական Դատարանը իր կազմով արդէն ունի սահմանադրականութեան ճեղքեր, որոնք ինք մտադիր է ամենայն մանրամասնութեամբ նախ քննարկել գործընկերներու հետ, ապա անոնց հետ համատեղ փոխադարձ ըմբռնման եւ իրաւական անվտանգութեան բոլոր նկատառումները հաշուի առնելով գալ համատեղ լուծման եւ հանրութեան առջեւ հանդէս գալ այդ լուծումով:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին