Կլենտէյլի Քաղաքային խորհուրդ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրամանագիրով Սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատար նշանակուած Կլենտէյլի նախկին քաղաքապետ՝ Զարեհ Սինանեանը, Չորեքշաբթի, 12 Յունիսին մեկնեցաւ Երեւան, ստանձնելու համար իր նոր պաշտօնը։
Սինանեան 2013-ին ընտրուած էր Կլենտէյլի Քաղաքային խորհուրդի անդամ. երկու տարբեր շրջաններով եղած է Կլենտէյլի քաղաքապետ (2014 եւ 2018) մէկական տարուան ժամանակաշրջանի մը համար։ Քաղաքային խորհուրդէն հրաժարական տալէ ետք, քաղաքապետ Արա Նաճարեանի հրաւէրով, Երեքշաբթի, 11 Յունիսին յատուկ ընդունելութիւն մը կազմակերպուած էր, ողջերթ մաղթելու Պրն. Սինանեանին։
Ընդունելութեան ներկայ էին Քաղաքային խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլ քաղաքի զանազան բաժանմունքներու ղեկավարներ ու յանձնակատարներ, որոնց շարքին ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկ. Արա Ահարոնեան։
Ընկեր Ահարոնեան շնորհաւորելէ ետք Պրն. Սինանեանը, յայտնեց կուսակցութեան նեցուկը գլխաւոր յանձնակատարին ու անոր կեդրոնական գրասենեակին։ Պրն. Սինանեան, իր հերթին, շնորհաւորեց նորընտիր ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութիւնը։