Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Մէկ Լեզու Բայց Երկու Լեզուամտածողութիւն

Տեսակէտ

(Լեզուագիտական)

ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

«ՄԷԿ»ը առասպել մըն է, ինչպիսին է՝ «մէկ» ազգը, «մէկ» լեզուն եւ նոյնիսկ «մէկ» ժողովուրդը։

Ամէն երեւութապէս «մէկ» երեւցող կամ «մէկ» թուացող ապրող եւ կենդանի «գոյ»ի միաւորի ներսիդին՝ երկու է։ Երկու իրարու դէմ հակամարտող «գոյ»երէ կը բաղկանայ։

Բնազանցական մտածելաեղանակը «մէկ»ի պաշտամունքը ունի։ Դիալեկտիկ (տրամախոհական) մտածելակերպը «մէկ» երեւցողին երկուութիւնը կը տեսնէ…։

Բնազանցականը վերացական է, բացարձակապաշտ ու իդէապաշտ (գաղափարի առաջնայինութեան կը հաւատայ)։ Դիալեկտիկականը՝ շօշափելի է, յարաբերականին կը հաւատայ եւ մատերիապաշտ է (մատերիայի, նիւթեղէնի առաջնայինութեան կը հաւատայ)։

Բնազանցականը կը հաւատայ անփոփոխելի, մնայուն եւ յաւիտենական բաներու։ Դիալեկտիկականը կը հաւատայ՝ յարաշարժին, յարափոփոխութեան եւ «գոյ»երու «մահկանացու»ութեան։ Այսինքն՝ իրական «գոյ»երու վախճանին կամ՝ ուրիշ «գոյ»ի փոխակերպումին…։

Բնազանցականը՝ նիւթեղէններու քանակական փոփոխումներուն մէջ միայն յաւելում կամ նուազում կը տեսնէ։ Դիալեկտիկականը՝ որակական փոփոխութիւնն ալ կը տեսնէ… (օրինակ՝ ջուրը (H2O) ջերմութեան քանակական փոփոխութիւններուն պատճառով կը ստանայ որակապէս տարբեր վիճակներ։ Օ սանտիկրատէն վար՝ կարծր վիճակ, Օ-էն 100 սանտիկրատ՝ հեղուկ վիճակ, եւ 100-էն վեր՝ կազային վիճակ (ջրաշոգիի)։

Բնազանցականը կը դաւանի թէ՝ նիւթեղէնը մարմնաւորումն է գաղափարին (իդէային)։ Դիալեկտիկականին համար, ուղեղը մտածող մատերիան է, գաղափարը՝ իդէան, կը ծնի ուղեղի աշխատանքէն, անջատ գոյութիւն չունի։

Բնազանցականը կը հաւատայ կամ կ՚ընդունի թէ՝ Ազգը «մէկ» ամբողջութիւն մըն է, նոյնպէս՝ ժողովուրդ, եւ՝ մէկ լեզուն ունի մէկ եւ միեւնոյն լեզուամտածողութիւնը։ Դիալեկտիկականը կը հաստատէ թէ՝ միայն նախնական համայնատիրական անդասակարգ հասարակարգին մէջ Ազգն ու Ժողովուրդը մէկ էին, իսկ յաջորդող բոլոր՝ ստրկատիրական, աւատատիրական ու դրամատիրական հասարակարգերուն մէջ՝ Ազգը եւ Ժողովուրդը երկու դասակարգերու բաժնուած են՝ իրարու դէմ կը պայքարին, եւ ունին զիրար հերքող երկու մշակոյթներ եւ երկու լեզուամտածողութիւններ։

Դասակարգերով երկբեւեռացուած երկրի մը լեզուն հաղորդակցութեան միանշանակ միջոց մը չէ, այլ՝ կ՚ընդգրկէ երկու իրարմէ տարբեր եւ իրարու ներհակ նշանակութեամբ բառակապակցութիւններ, ինչ որ հետեւանքն է դասակարգերու հիմնական շահերու հակադրութեան եւ անոնց միջեւ պայքարին։ Բացի դասակարգային երկփեղկումէն, միեւնոյն ժողովուրդը կ՚ունենայ՝ մէկէ աւելի ինքնութեան կերպարներ, ինչպէս է հայ ժողովուրդի պարագան, երբ ունենայ մէկէ աւելի բաժան-բաժան հայրենիքներ։ Մեր «Մեծ Հայք»ը եւ «Փոքր Հայք»ը, Պարսկահայաստանը, Ռուսահայաստանը, Թուրքահայաստանը, կամ՝ Արեւմտահայութիւնը, Արեւելահայութիւնը, Արցախահայութիւնը, Կիլիկահայութիւնը, նախաեղեռնեան, յետեղեռնեան եւ յետանկախութեան սփիւռքներու հայերու ինքնութեան կերպարները տարբեր չե՞ն իրարմէ…։

Պատմութեան մէջ ծանօթ է՝ որ Կոմփիւկիոս ըսած է, թէ ինք երբ հրաւիրուի երկիր մը կառավարելու, նախ՝ պետական գործածական բոլոր բառերուն նշանակութեան շուրջ հանրաքուէ կը կազմակերպէ, եւ՝ համաձայնուած նշանակութիւններ կը հրատարակէ պաշտօնապէս, որպէսզի հետագային տարբեր նշանակութիւններու վէճեր չծագին եւ իր պաշտօնավարութիւնը ընթանայ հեզասահօրէն, առանց վէճի եւ իրարմէ տարբեր մեկնաբանութիւններու, քանի որ կանխաւ համաձայնուած կ՚ըլլան բառերու նշանակութիւնները։

Օրինակ. ի՞նչ կը նշանակէ «Մայիսի 1»… «Աշխատանքի Օ՞ր», «Աշխատաւորներու Տօ՞ն», թէ՞՝ «Աշխատաւորներու Պայքարի Միջազգային Օր»…։ Առաջին երկուքը կը գործածեն քաղքենի դասակարգի վարձկան գրիչները։ Վերջինը՝ բանուոր դասակարգին կողմնակիցները։

Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող վերջին տարիներու պատերազմը՝ «Սուրիական Տագնա՞պ» է, «Քաղաքացիական Պատերա՞զմ» է, թէ՞՝ «Համաշխարհային Յետադիմութեան Նախայարձակումը՝ Սուրիոյ վրայ»…։ Առաջին երկուքը կը գործածեն Սուրիոյ հակառակորդ եւ ամերիկեւսիոնափանթուրք իմփերիալիզմի կողմնակիցները եւ արաբական քարիւղը բռնագրաւած Արաբ խաւարամիտ յետադիմութիւնը։ Իսկ վերջինը կը գործածեն՝ աշխարհի բոլոր յառաջդիմական, ազատագրական ու դեմոկրատական ուժերը…։

Արցախի ազատամարտիկները՝ «Անջատողականնե՞ր» են, թէ՞՝ «Ազատ Ինքնորոշման Իրաւունքը գործածող մարտիկներ»…։

Թուրքիոյ դէմ PKK-ի կռիւը՝ «Ահաբեկչութի՞ւն» է, թէ՞՝ «Ազատագրական զինեալ պայքար»…։

Բրիտանական “The Guardian” թերթը յատուկ գրութեամբ մը իրարմէ զատորոշած է հետեւեալ բառակապակցութիւնները. «Երկիր մոլորակի մթնոլորտի փոփոխութիւն»ը, «երկրագունդի ջերմացում», «Երկիր մոլորակի տօթակիզում» եւ «Երկրի կենսոլորտի աղիտալիացում»…։ Թերթը կ՚ըսէ թէ՝ առաջին երկուքը կը գործածեն կենսոլորտի թշնամիները։ Իսկ վերջին երկուքը՝ անոր եւ մարդկութեան բարեկամները։

Արտաքին պարտքերու մէջ ընկղմած երկրի մը քաղքենի իշխող դասակարգը (ինչպէս՝ Լիբանանի), խաբեբայութիւնը կ՚ընէ այդ պարտքերուն տարեկան տոկոսները շպարելու «պարտքի տալու ծառայութեան հատուցում» սուտով (արաբերէն՝ խիտմաթ ալ-տէյն)։

Դարձեալ նոյն դասակարգը, կոտոշաւոր սուտ մըն ալ կը խօսի VAT-ի (TVA) մասին։ Այսինքն՝ դրամատիրոջ շահագործումին հետեւանքով շահած գումարը կը կոչուի «յաւելեալ արժէք» (Plus Value, Surplus Value, քիմա մուտաֆա) եւ այս շահագործումի գումարին վրայ դրուած տուրքը (TVA) ո՞վ կը վճարէ… դրամատէ՞րը թէ՞՝ շահագործուած քաղաքացին…։ Այս տողերը գրելու համար իմ գործածած Uniball գրիչիս վրայ դրուած TVA-ն ես կը վճարեմ… ոչ շահագործողը կամ վաճառողը։ Այս յաւելեալ տուրքը կը վճարեն բոլոր քաղաքացիները՝ ոչ իրենց, այլ ուրիշներու շահագործումով շահած գումարին համար…։

Վերջին Մայիսին շատ գովաբանուեցաւ 1919 թուականի Մայիս 26-ի «Միացեալ եւ Անկախ Հայաստան»ի յայտարարութիւնը։ Այս բառակապակցութիւնը արդեօք ունի՞ մէկ նշանակութիւն։

Կարդանք այս յայտարարութեան բնագիրը.

«Հայաստանն ամբողջականացնելու համար, Հայաստանի (իմա՝ Արեւելահայաստանի) կառավարութիւնը համաձայն բովանդակ հայ ժողովրդի միահամուռ ԿԱՄՔԻ եւ ՑԱՆԿՈՒԹԵԱՆ, յայտարարում է որ այսօրուանից՝ Հայաստանի բաժան-բաժան մասերը մշտնջենապէս միացած են իբրեւ անկախ պետական միութիւն» (ընդգծումները եւ գլխագրերը մերն են, Գ.Տ.)։

Պատմական Հայաստանի «բաժան-բաժան» մասերը «մշտնջենապէս» իբրեւ «անկախ պետական միութիւն», այսօր՝ մէկ դար ետք, «միացա՞ծ են»… երբ յայտարարութիւնը կ՚ըսէ «այսօրուանից», այսինքն՝ 26 Մայիս 1919-էն։

Արեւելահայաստանի 1919 թ. Մայիսին գործող կառավարութիւնը ինչ միջոցներով լիազօրութիւն ստացած է խօսելու «բովանդակ հայ ժողովրդի միահամուռ կամքի եւ ցանկութեան» մասին։ Ձրիօրէն՝ բովանդակ հայ ժողովուրդի կամքին ու ցանկութեան անունով խօսելու այս ունակութիւնը, մենատիրական կոյր մոլուցքի եւ նարկիզականութեան հետեւանքը չէ՞ արդեօք։ Կամ պարզապէս՝ Պատմական «Հայաստան»ն այսօր՝ «ամբողջականացա՞ծ» է…։

Այստեղ գործածուած իւրաքանչիւր բառը չունի ոչ մէկ իրական բովանդակութիւն եւ հետեւանքն է բնազանցական մտածելակերպին, կամապաշտական գոռոզութեան, ցանկատեսական երեւակայութեան եւ՝ ինքնախաբէական պատրանասիրութեան…։

Այս յայտարարութիւնը խմբագրողները աշակերտած են Շոփենհաուերի կամապաշտութեան փիլիսոփայութեան եւ Աւետիս Ահարոնեանի անուղղայ պատրանասիրութեան։ Շոփենհաուեր կ՚ըսէր՝ թէ կամքն է ենթակայական իրական ուժը, կամենալը՝ կարենալ է, անկախաբար առարկայական ժխտական պայմաններէն… Մինչդեռ իմաստասէր Աւետիքը՝ Իսահակեան, կ՚ըսէր. «Բախտի կռուանը կամքն է թէեւ, բայց՝ դիպուածն է տիրական»։ Նոյնիսկ «դիպուած»ին տալով վճռորոշ դեր, ալ ուր մնացին առարկայական պայմաններունը…։ Ուրեմն՝ կամապաշտութիւնը կը մղէ՝ շուտիկութեան, շտապողականութեան, ըմբոստութեան, բայց երբե՛ք յեղափոխութեան, արկածախնդրութեան եւ անհեթեթ յայտարարութիւններու…։ Եւ Աւետիս Ահարոնեան՝ Սարդարապատի համաժողովրդային ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտի օրերուն, ժողովուրդին ուղղած է իբր թէ ոգեւորիչ բանաստեղծական խօսք մը, զայդ եզրափակելով՝ «ես պատրանքը սիրեցի» անհրապոյր, անձնատուական բառերով։ Երբ Արեւելահայաստանի Ա. Հանրապետութեան նախագահը կը սիրէ պատրանքը, ուրեմն, ռամկավար նախկին ղեկավարներէն Տեփոյեանն ալ՝ մեր ժողովուրդին մասին իրաւունք ունի ըսելու «խաբուիլ սիրող մեր ժողովուրդը»…։ Պատրանքը սիրողներէն էին՝ Երիտթուրքերու հետ գործակցողները, Փետրուարեան (18) արկածախնդրութեան ղեկավարները, «հերոս մռնչեց՝ սուլթան դողդողաց, Եւրոպի աչքից՝ արտասուք սողաց» կարծողներն ու երգողները, Սովետական Հայաստանի շենշող իրականութիւնը չտեսնող եւ անգոյ «հոգեկան հայրենիք»ի հաւատացողներն ու թուրք ճիւաղ պետական մարդիկը «ճենթելմէն» անուանողները…։

Բնազանցական մտածելակերպէ ազատագրուած մարդիկ  (նոյնիսկ անոնք, որոնք բնական ուշիմութեամբ կը գործեն, առանց ծանօթացած ըլլալու դիալեկտիկ մտածելակերպի կանոններուն) անհեթեթ եւ վտանգաւոր կը գտնեն այս յայտարարութիւնը։

Անհեթեթ՝ ոչ միայն իր տարականոնութեան, կամայականութեան ու բովանդակազրկութեան, այլեւ՝ իր իրաւագիտական կոպիտ խախտումին համար։

Արեւմտահայաստանը, Կիլիկիան, Արցախը եւ Արեւելահայաստանը դարերով եղած են իրարմէ բաժնուած, անջատ պետութիւններ, կամ՝ ինքնավար շրջան՝ տարբեր երկրի կազմին մէջ։ Այս չորսէն երկուքը ունեցած են միջազգային իրաւական անձնաւորութիւն, եւ մէկը՝ տարբեր կայսերական նահանգներու կարգավիճակ։ Հետեւաբար, Միջազգային Հանրային Իրաւունքը Արեւելահայաստանի պետութեան իրաւունք չի տար իրեն կցելու (Annexation) միւս Հայաստանները։ Երբ միւս երեքը անկախ պետութիւն դառնան (միայն Արցախը դարձած է անկախ de facto եւ տակաւին չէ ստացած միջազգային ճանաչում), այդ ժամանակ միայն կրնան որոշել միաձուլուիլ մէկ անկախ միաւորի մէջ…։

Այսպիսի կոպիտ սխալ մըն էր նաեւ՝ երբ Սովետական Հայաստանի սովետը Արցախը միացած հռչակեց իր հողին։ Արցախը՝ իրաւունք ունի ինքնորոշուելու։ Ատիկա իր անկապտելի իրաւունքն է։ Բայց երբ Արեւելահայաստանի պետութիւնը իրեն կցեալ կը հռչակէ զայն, միջազգային իրաւունքը Ատրպէյճանին իրաւունք կու տայ բարձրացնելու իր հողային ամբողջականութեան սկզբունքին առարկութիւնը, զոր բայց՝ չի կրնար բարձրացնել ինքնորոշուող Արցախի դէմ։ Հողային ամբողջականութեան սկզբունքի կիրարկումի դաշտը երկու արդէն անկախ պետութիւններու միջեւ հորիզոնական գիծին վրայ կը գտնուի, եւ երբեք՝ գաղութարար անկախ պետութեան եւ գաղութացուած բայց ինքնորոշումի իրաւունքը գործածող ժողովուրդի միջեւ ուղղահայեաց՝ վերէն վար, գիծին վրայ… ինքնորոշման իրաւունքը jus cogens բոլոր-բոլորին պարտադիր իրաւունք մըն է, որ պետութիւններէն կը պահանջէ աջակցիլ՝ ինքնորոշուող ժողովուրդին, նաեւ՝ Ատրպէյճանէն, գաղութարարէն…։

Իսկ վտանգաւոր է… որովհետեւ՝ երեւակայական, անիրական ու ցանկատեսական «միացեալ»ը կը շփոթուի իրականութեան հետ, կատարուած կը կարծուի, քանի որ մենք մոռացութեան տուած ենք Արեւմտահայաստանն ու Կիլիկիան, եւ տակաւին կը գոհանանք Հայոց Ցեղասպանութեան լոկ բարոյական, պղատոնական ճանաչումին մուրացիկութեամբ… դար մը վերջ ալ։

Պատմական Հայաստանը «ամբողջականացուած» յայտարարելով, մենք միայն զմեզ կը խաբենք։

Երկարաշունչ, քրտնաթոր աշխատանք եւ զոհողութիւններ կատարելէ փախուստ տալով եւ պայքարէն դասալիք ըլլալով, այսպիսի ՁՐԻ եւ ՍՈՒՏ յայտարարութիւն կատարելը կը վկայէ անոր հեղինակներուն ոչ թէ հայրենաշինութեան, այլ՝ սնամէջ «ազգայինճի»ութեան, քաջ նազարութեան մասին… որուն կերպարը քանդակած է անմահն Թումանեանը, իսկ երգիծանկարները՝ մեծատաղանդ Տիրան Աճէմեանը, եւ՝ փանջունիութեան մասին, զոր քանդակած է մեծատաղանդ Երուանդ Օտեանը եւ երգիծանկարները ստեղծագործած հանճարեղ Ալ. Սարուխանը…։

 

  • • •

 

Մէկ լեզու՝ բայց երկու տարբեր լեզուամտածողութիւններ, նաեւ անոր համար, որ կայ նաեւ մէկ երկիր, մէկ ժողովուրդ բայց երկու պատմութիւններ անոնց մասին։ Պաշտօնական-պետականը եւ ժողովրդայինը…։ Օրինակ՝ հայկական բարենորոգչական յեղափոխական շարժումին պետական ու եկեղեցւոյ էսթապլիշմէնթին պատմութիւնը հիմնովին հակառակն են Թոնտրակեցիներու մասին ժողովրդային պատմութենէն։ Ամերիկացի խիզախ պատմագիր Howard Zinn, հերքելով ԱՄՆ-ի պետական պաշտօնական պատմութեան դասագիրքը, գրեց “The Popular History of the U.S.A.” խորագրով մեծածաւալ գիրքը, եւ ԱՄՆ-ի պատմութեան այս երկու գիրքերու լեզուն նոյն ամերիկեան բարբառն է անգլերէնին, սակայն անոնց լեզուամտածողութիւնը տարբեր է։

Եւ՝ տակաւին… հայերէն լեզուին մէջ կայ նաեւ «պետական» ըլլալ յաւակնող կուսակցութեան մը բարբառին ուրոյն լեզուամտածողութիւնը… եւ այս բարբառով գրուած Հայոց Պատմութիւնն ալ՝ կուսակցական տարբերակն է համայն Հայոց Պատմութեան…։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին