Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Ն. Փաշինեան Ելոյթ Ունեցաւ ԱԺ-ի Մէջ 2018-ի Պետական Պիւտճէի Կատարման Հաշուետւութեան Քննարկման Ժամանակ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ամփոփիչ ելոյթ ունեցաւ ԱԺ-ի մէջ 2018 թուականի պետական պիւտճէի կատարման հաշուետւութեան քննարկման ժամանակ: «Արմէնփրես», վկայակոչելով ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը փոխանցէ, որ ՀՀ վարչապետը իր ելոյթին մէջ մասնաւորապէս ըսած է.

«2018 թուականը պիւտճէտային առումով, թոյլ տուէք ըսելու, համաշխարհային պատմութեան մէջ աննախադէպ տարի է, եւ նման բան խիստ կը կասկածիմ, որ երբեւէ որեւէ այլ երկրի մէջ տեղի ունեցած է:   Իսկ ի՞նչ տեղի ունեցած է. 2018 թուականի ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած են նախագահի 1 փոփոխութիւն, վարչապետի 5 ընտրութիւն, վարչապետի 2 փոփոխութիւն, Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններ, Երեւանի քաղաքապետի արտահերթ ընտրութիւններ, մի քանի քաղաքներու մէջ արտահերթ ընտրութիւններ, եւ ի վերջոյ տեղի ունեցած է թաւշեայ յեղափոխութիւն»:

Վարչապետի խօսքով տարուայ արդիւնքով երկիրը ունեցած է  5,2 տոկոս տնտեսական աճ, այն պարագային, երբ պիւտճէի նախագիծը ընդունած  կառավարութիւնը պիւտճէի մէջ դրած էր 4,5 տոկոս տնտեսական աճի կանխատեսում: Եւ պիւճէտային առումով ի՞նչ խնդիր կայ. պետական պիւտճէն, կառավարութիւնը 2018 թուականի արդիւնքներով չունի չկատարուած որեւէ պարտաւորութիւն:

Վարչապետը նշեց նաեւ, որ այս տարուայ առաջին եռամսեակի ընթացքին ունինք 7,1 տոկոս տնտեսական աճ, որ ամենաբարձր ցուցանիշն է Եւրասիական տնտեսական միութեան տարածքին մէջ:

Վարչապետը շեշտեց, որ մենք այնուամենայնիւ պէտք չէ մէկ տարիէն ակնկալել 30 տարիներու խնդիրներու լուծումներ, իսկ ինչ կը վերաբերի խոստումներուն վարչապետը ըսաւ,- 200 կամ 1000 խոստումի մասին, արդէն անցեալ տարուայ Սեպտեմբերէն կ’ըսէին, որ խոստումները չեն կատարուիր: Այսինքն, այդ 30 տարիներու խոստումները, խնդիրները պէտք է երեք ամսուա՞յ մէջ կատարուէին:

Վարչապետը իր խօսքը աւարտեց ըսելով,- «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ կառուցողական քննարկման համար եւ համոզուած եմ, որ մենք պիտի աշխատինք կառուցողական քննարկումներու դաշտին մէջ, որովհետեւ համոզուած եմ, որ խորհրդարանական բոլոր ուժերու, արտախորհրդարանական ուժերու մեծ մասի նպատակները կը համընկնին եւ անիկա ազատ, երջանիկ եւ հզօր Հայաստանն է: Շնորհակալ եմ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին