ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ուրբաթ, Յունիս 14-ի երեկոյեան, խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ Մաշտոց քոլէճի 27-րդ կրթաշրջանի մանկավարժութեան բաժանմունքի աւարտական հանդէսը Կլենտէյլի Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ:
Ելոյթ ունեցաւ քոլէճի նախագահ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան շեշտելով, որ ազգային կառոյցներու ամրապնդման ու անոնց զարգացման մէջ շրջանաւարտներու կատարելիք ներդրումը անհրաժեշտութիւն մըն է, որ պիտի գայ նպաստելու ազգակերտումի ջանքերուն այս ափերու վրայ: Դոկտ. Եղիայեան հրահրեց շրջանաւարտները, որ իրենց կոչումը վերածեն ազգային ծառայութեան դաստիարակելով մատղաշ մեր սերունդը, որպէս հայ քրիստոնեաներ:
Ձեռամբ քոլէճի նախագահին եւ հոգաբարձութեան ատենապետ Տոքթ. Վարուժան Կապուչեանի 52 հայուհիներ ստացան իրենց վկայականները, բուռն ծափահարութիւններու տակ:
Շրջանաւարտներու անունով ելոյթ ունեցան Աննա Մարիա Մանուկեան եւ Անահիտ Աղաջանեան, որոնք իրենց անխառն զգացումները յայտնեցին քոլէճին կողմէ տրուած կրթական բարձր ուսման եւ գիտելիքներուն համար:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Տոքթ. Վարուժան Կապուչեանի փակման խօսքով եւ ընթացիկ տարուայ շրջանաւարտներէն երիցուհի Նազիկ Եսոյեանի «Հայր մեր» աղօթքով: