Լոս Անճելըս
ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ Քոյրերու վարժարանը իր երեք բաժիններով` Մանկապարտէզ, Նախակրթարան եւ Միջնակարգ, 2018-2019 տարեշրջանի ուսումնական, ընկերային եւ մշակութային ծրագիրները յաջողութեամբ աւարտեց, իւրաքանչիւր աւարտական դասարանի յատուկ արարողութեամբ եւ հանդիսութեամբ յանձնեց համապատասխան վկայականները, մաղթելով յաջող եւ հեզասահ յառաջխաղացք դէպի նոր ուսումնական հանգրուան:
. 6 Յունիս 2019-ի յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ վարժարանիս նախամանկապարտէզի հանդէսը, ուր երեխաները մեծ խանդավառութեամբ գեղագոյն եւ փայլուն տարազներով հայկական խանդավառող երգերու եւ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ պարեցին, ցատկեցին, արտայայտելով մանկական աշխարհի ամենագեղեցիկ եւ անմեղ շարժուձեւերը, ծնողներու հոգիները լեցնելով երջանկութեամբ եւ անոնց պարգեւելով հաճոյքի պահեր:
. 7 Յունիս 2019-ի յետմիջօրէին, գունազարդուած էր Հայ Քոյրերու Վարժարանի շրջափակը իր մանկապարտէզի շրջանաւարտներու գոյնզգոյն տարազներով, որոնք մեծ խանդավառութեամբ եկած էին իրենց վերջին հրաժեշտը տալու մանկական աշխարհին, խաղին ու պարին եւ փոխանցուելու նախակրթարան:
Մանկապարտէզի տնօրէնուհի Սօնա Գազանճեանի բացման խօսքով ընթացք առաւ հանդէսը, բեմահարթակի վրայ ներկայացուեցան, Հայկական շուրջպարեր, հեզաճկուն ու առնական ռիթմիկ պարեր, ազգագրական երաժշտութիւն, հաճելի եւ անմոռանալի վայելք պատճառելով ծնողներուն եւ ներկաներուն: Այսպիսով աշակերտները հրաժեշտ տուին իրենց խաղերուն ու պարերուն, ստացան իրենց վկայականները եւ փոխանցուեցան նախակրթարան:
Աւարտին, տնօրէնուհի Քոյր Լուսիա շնորհաւորեց ծնողները, շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն, իրենց նուիրեալ աշխատանքին համար եւ այսպիսով մանկապարտէզի 2019-ի հունձքը վկայուելով անցաւ նախակրթարան:
. Նախակրթարանի աւարտականները՝ հինգերորդ դասարանի աշակերտները, Չորեքշաբթի, 19 Յունիս 2019-ի կէսօրին ստացան նախակրթարանը յաջողութեամբ աւարտած ըլլալու իրենց վկայագիրերը եւ փոխանցուեցան նոյն վարժարանի միջնակարգ բաժինը:
. Ութերորդ դասարանի աշակերտներու պարագային, անոնք ամբողջ 10-11 տարիներ անցուցած էին այս յարկէն ներս, այժմ պիտի վկայուին եւ պիտի մեկնին տարբեր վարժարաններ, ուր պիտի շարունակեն իրենց երկրորդական ուսումը, միշտ հիմք ունենալով Հայ Քոյրերու վարժարանին ջամբած գիտելիքները, հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը:
Հայ Քոյրերու Վարժարանէն ներս գեղեցիկ աւանդոյթ դարձած է ութերորդ դասարանի աւարտական հրաժեշտը սկսիլ հանդէսէն շաբաթ մը առաջ՝ եկեղեցական արարողութամբ, ուր աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ս. Պատարագին, կը ներկայացնեն իրենց սրտի խօսքերը եւ երախտագիտական խօսքեր կ’ուղղեն Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ, դպրոցի անձնակազմին, ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան, ուխտելով ըլլալ լաւ քաղաքացիներ եւ պատուաբեր հայ Քրիստոնեաներ:
Այսպիսով, 2 Յունիս 2019-ին, Կլենտէյլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ եկեղեցին աննախընթաց փայլք մը ունէր. 17 շրջանաւարտներ յաղթական մուտք գործեցին եկեղեցի, առաջնորդութեամբ՝ Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէր Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանի, մայրապետներուն, եկեղեցւոյ դպրաց դասին, Սարկաւագներուն եւ դաստիարակներուն, անոնք գրաւեցին իրենց տեղերը եկեղեցւոյ սպասները խորան ներկայացնելէ ետք: Բոլորն ալ մասնակցեցան արարողութեան. ընթերցուածները կարդացին՝ Սէրակ Էքմէքճեան եւ Մարի Պասմաճեան, իսկ սրտի խօսքերը ներկայացուցին՝ Եւա Զաքքօ եւ Լեւոն Մարկոսեան: Օրուան պատարագիչ՝ Գերապայծառ Տէր Միքայէլ, յատուկ պատգամով մը շնորհաւորեց բոլոր մասնակիցները մատնանշելով, որ այդ Կիրակին կը զուգադիպի Երկրորդ Ծաղկազարդին եւ իւրաքանչիւր աշակերտ, որպէս յատուկ ծաղիկ պիտի երթայ եւ զարդարէ տարբեր դպրոցներ, շնորհիւ իրենց ստացած հայկական եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան: Եկեղեցական յուզումնալից արարողութեան աւարտին՝ ծնողք, աշակերտ, դաստիարակ հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ վերադարձան տուն՝ կրկին հանդիպելու յաջորդ Կիրակի, աւարտական պաշտօնական հանդիսութեան:
9 Յունիսին, Կիրակի յետմիջօրէին, Վարժարանիս Դանիէլեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայ Քոյրերու վարժարանի 2019 տարեշրջանի միջնակարգ բաժնի պաշտօնական հանդիսութիւնը: Ներկայ էին Տէր Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան՝ Առաջնորդ Հայ Կաթողիկէ համայնքի, վարժարանիս առաքինազարդ քոյրերը, տնօրէնութիւն, անձնակազմ, ուսուցչական կազմ, ծնողներ հիւրեր եւ բարեկամներ:
Հանդիսութեան յայտագիրը կը պարունակէր խմբային ոտանաւոր, հայերէն եւ անգլերէն խմբային երգեր, խմբավարութեամբ վարժարանիս երաժշտութեան ուսուցչուհի Վարդուհի Պաղտասարեանի, առաւել տեղի ունեցան պաշտօնական երկլեզու խօսքեր, տնօրէնուհի Քոյր Լուսիայի, դաստիարակներ Լինտա Գանտիլեանի եւ Էտմոն Համբարձումեանի կողմէ: Աշակերտական ուղերձները ներկայացուցին՝ Սթելլա Շպաթ եւ Կրէկ Քիւրքճեան, նախագահական մրցանակակիրներու խօսքը տուաւ՝ Անտրու Պէրպէրեան, աշակերտական խորհուրդի ատենապետուհի՝ Սոֆիա Ջաբարեան ամփոփեց տարուան ընթացքին տարուած աշխատանքը եւ իր խօսքի աւարտին աշխատանքային թղթածրարը յանձնեց նորընտիր ատենապետ՝ Սասուն Քէօհնէլեանի:
Օրուան հիւր պատգամաբերն էր վարժարանիս 2006 տարեշրջանի շրջանաւարտներէն՝ Լարա Գումճեան, որ իր մասնագիտութենէն եւ փորձառութենէն մեկնած աշակերտներուն յորդորեց որ միշտ երախտապարտ ըլլան եւ գոհանան իրենց ունեցածով եւ հաւատարիմ մնան Հայ Քոյրերու վարժարանին:
Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ մրցանակներու եւ կրթաթոշակներու տուչութեամբ:
«Արմէն Տօնոյեան կրթաթոշակ»՝ հայերէն լեզուի բարձրագոյն միջին ունեցող աւարտականին. ստացաւ Սթելլա Շպաթ:
«Օլիվիա Թալին Գանտիլեան կրթաթոշակ»՝ Հայ կնոջ ուժն ու յարատեւութիւնը ցուցաբերող աւարտական աշակերտուհիին, ստացան՝ Սոֆիա Ջաբարեան եւ Այլին Սամուէլեան:
«Յակոբ Փիլաւեան կրթաթոշակ», Հայ կրթօճախի հաւատարմութիւն ցուցաբերող աւարտականին, ստացաւ Ալեք Բագարեան:
Նաեւ գնահատագիր յանձնուեցաւ Անտրու Պէրպէրեանին, «Սուրբ Ֆրանսիս» երկրորդական վարժարանէն մուտքի քննութեան գերազանց արդիւնքներ ստանալուն համար:
Հանդէսի վերջաւորութեան Գերապայծառը իր սրտի խօսքը փոխանցեց շրջանաւարտներուն եւ պահպանիչով փակուեցաւ հանդիսութիւնը, մինչ շրջանաւարտները իրենց վկայականները եւ նուէրները ստանձնելէ ետք հրաժեշտ տուին Հայ Քոյերու վարժարանի ընտանիքին, խոստանալով միշտ զօրավիգ կանգնիլ իրենց առաջին կրթօճախին:
Կը շնորհաւորենք եւ յաջողութիւն կը մաղթենք բոլոր շրջանաւարտներուն:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր ծնողներուն, դաստիարակներուն եւ նուիրատուներուն: