ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Դիւրագրգռութիւնը մարդկային զգացմունքի, հաւատքի եւ կենցաղի հետ առնչուած պարագայ է, որ ընդհանրապէս կը յանգի անհասկացողութեան, վէճի, կռիւի կամ աւելի անախորժ պատահարներու, հասնելու համար պատերազմներու:
Ջղագրգիռ անհատներու մօտ յատկապէս նշմարելի է այս պարագան, որոնք կարող չեն, բնականաբար, թաքցնել իրենց զգացմունքները, ըլլան անոնք տխուր կամ ուրախ:
Յաջողակ է այն անձը, որ կը կարողանայ զսպել իր ջղագրգռութիւնը եւ առաւել անոր յաջորդող՝ դիւրագրգռութիւնը, վարելու համար բնական, սովորական ապրելակերպ, իր շրջապատին հետ:
Աշխարհի մէջ, այս ուղղութեամբ, նշանաւոր են դիւանագէտները, քաղաքական ասպարէզի հետեւորդները, օրէնսդիրներ, բարձր մակարդակի վաճառականներ եւայլն, որոնք պաղարիւնութեամբ եւ հեռատես ծրագիրներով կը ծրագրեն երկիրներու, իրենց եւ այլ անձերու ապագան, առանց դոյզն իսկ վրդովութեան, մտահոգութեան կամ յուսալքութեան:
Ընդհանրապէս դիւրագրգռութեան զոհ դարձած են, առանց նկատի ունենալու անոնց առաջնահերթութիւնը, կրօնքի, հաւատքի, ցեղային, սեռային, դասակարգային եւ այլ համոզմունքներու հետեւորդները:
Առաջին օրինակին առնչութեամբ կարելի է նշել, այսօր, երէկ եւ հաւանաբար վաղը ծագելիք պատերազմներուն, որոնք տեղի ունեցած են եւ մինչեւ այսօր տակաւին կը շարունակուին այս աշխարհի վրայ: Հեթանոսական, Պուտտայական, Մովսիսական եւ Հինտու կրօնքի ստեղծման ժամանակաշրջաններէն ետք, ստեղծուած են այլ բազմաթիւ կրօնքներ, որոնցմէ գլխաւորներն են քրիստոնէութիւնը եւ իսլամութիւնը, իրենց մասնաճիւղերով:
Արդարեւ, հեթանոսական ժամանակաշրջանը աշխարհի մէջ, ի՞նչ տարբերութիւն ունէր ներկայ կարգավիճակէն: Մարդիկ զիրար կը կոտորէին յանուն կրօնքի, այս կամ այն աստուծոյ, մարգարէին, կուռքին կամ չաստուածին անունով, իրենց կիրքերը, պահանջքները եւ պէտքերը հագեցնելու համար, ըլլան անոնք տնտեսական, կրօնական, տիրապետական կամ զանազան այլ պատճառներով: Իսկ պատերազմի ստեղծման ամենահեշտ, ամենադիւրագրգիռ պարագան անշուշտ միշտ՝ հանդիսացած է կրօնքը, կողմերու կրօնական հաւատքին դէմ եղած ասպատակութիւններուն եւ քարոզչութիւններով յառաջացած դիւրագրգռումին պատճառով:
Քրիստոնէական կրօնքին յառաջ գալով երկիրը հանդարտած եւ խաղաղած էր պահ մը, միւս կրօնքներու տեղատուութեամբ, մինչեւ 600 թուականը: Աշխարհ պէտք չէր հանդարտ ու խաղաղ մնար կարծէք, հակառակ կարգ մը քրիստոնէութեան անունին տակ եղած տեղական պատերազմներուն: Եւ ստեղծուեցաւ իսլամութիւնը: Բոլորովին հակառակ պատկերով, աշխարհ դէմ առ դէմ գտնուեցաւ նորաձեւ դիւրագրգռութեան մը, իսլամի եւ քրիստոնեայի պատերազմներուն, որոնք մինչեւ այսօր կը տարուին աշխարհի զանազան տարածքներու վրայ: Իսլամական, խաչակիրներու, արեւելեան եւ արեւմտեան երկիրներու արշաւանքները պատմութեան մէջ, բոլորն ալ եղած են կրօնքի անուան տակ, շատ յաճախ՝ տարբեր նպատակներու ծառայող, պատերազմի հեշտագոյն միջոցը հանդիսանալով:
Կը բաւէ որ անյայտ անձ մը փամփուշտ մը արձակէ այս կրօնքի պատկանեալ շրջանէն միւսը, կայծ տալու համար կռիւի մը կամ պատերազմի մը ընդհանրացումին: Լիբանանի ներքին քաղաքացիական պատերազմի կարգավիճակը նկատի առնելով, պիտի յիշենք 15 տարիներէ աւելի քաշ տուած, արիւնահեղ եւ կործանարար պատերազմը, որուն մարդկային եւ նիւթական վնասներու հետեւանքները մինչեւ այսօր պահած են իրենց հետքը այնտեղ: Նոյն պարագան այսօր կրկնուած է Սուրիոյ մէջ, որուն պատճառով աշխարհ ողողուած է սուրիացի գաղթականներով, երկիրը թողելով աւերակ ու քարուքանդ վիճակի մէջ:
Կրօնական պատկանելիութեամբ հրահրուած պատերազմները անշուշտ չեն սահմանափակուիր միայն քրիստոնեայ-իսլամ պատերազմներով: Անոնք առկայ են նաեւ միջ-կրօնական մակարդակներով, վկայ՝ իսլամ, սիւննի եւ շիա համայնքներու պատերազմները, Իրանի, Իրաքի, Եմէնի եւ իսլամական միւս երկիրներու պարագային: Միջնադարեան ժամանակաշրջանին անոնք առկայ էին նաեւ միջ-քրիստոնէական մակարդակով:
Կրօնքը կամ հաւատքը չէ միայն խլրտումներու, ըմբոստութիւններու եւ պատերազմներու առիթ ընծայող պարագան:
Ցեղային եւ դասակարգային պատերազմներն ու յեղափոխութիւնները եւս ծագած են աշխարհի մարդկային բնակութենէն ի վեր եւ կը շարունակուին մինչեւ այսօր: Հայոց պատմութեան մէջ բազմաթիւ են հայերու, պարթեւներու, ասորիներու, յոյներու, հռոմէացիներու, արաբներու, թաթարական ցեղերու, ռուսերու եւ այլ զանազան ցեղերու միջեւ տարուած պատերազմները, որոնք պիտակուած են որպէս ցեղային եւ ընգրկած են նաեւ տիրապետական, տարածման եւ մանաւանդ՝ տնտեսական ձգտումներ:
Ցեղային դրդումներով տարուած պատերազմները կրօնքի սիրոյն տարուած պատերազմներու կողքին, համահաւասար կ՚ընթանան, նոյնպէս՝ աշխարհի ստեղծումէն ի վեր: Կան վայրեր, աշխարհի մէջ, ուր արիւնալի ընթացքը կը շարունակուի նախնադարեան համոզմունքներով, ինչպէս՝ Եմէնը, Իրաքը, (քիչ ժամանակ առաջ), Սուրիա, Քամպոտիա, հարաւային Ասիոյ եւ ափրիկեան կարգ մը երկիրներու մէջ: Նկատի ունենալով ներկայ աշխարհի կարգավիճակը, մեզի ամենամօտիկ ցեղային խտրականութեան լռելեայն պատերազմը, հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր, որ այլեւս դադրած է իր արիւնարբու կարգավիճակէն դառնալու համար քաղաքական նպատակներու ծառայող, տակաւին կը շարունակուի Միացեալ Նահանգներու մէջ, հակառակ զայն կանխարգելող օրէնքներուն եւ պատիժներուն: Անիկա սեւերու եւ ճերմակներու լռելեայն պատերազմն է, որ հարիւրաւոր տարիներու ստրկութեան ոգին թօթափելու համար, վրիժառութեան գործողութեան վերածուած է կարծէք սեւամորթերուն կողմէ, ամէն մէկ պարագայ չափազանցելու համար ի նպաստ իրենց: Անշուշտ կը դիտենք տեղական լուրերը եւ կը տեսնենք կատարուած բողոքներու ցոյցերն ու անոնց պատճառով եղած ընդհարումները:
Հակառակ անցեալ տասնամեակին տարուած համաշխարհայնացումի ջանքերուն, աշխարհի մէջ, ցեղային տարբերութիւնը եւ խտրականութիւնը կը մնայ իշխող պարագայ: Նախկին նախագահ Օպամայի օրով եղած բարեփոխութիւնները այս առնչութեամբ, ճիշդ հակառակ արդիւնքը տուած են այսօր, որքանով որ պետութիւնը ջանայ քօղարկել զայն:
Ցեղերու գոյատեւման մեծագոյն պատճառը եղած է անոնց միասնական միատեղումը իրար շուրջ: Կը հաւատա՞ք թէ հայ ցեղը կրնար գոյատեւել մինչեւ այսօր եթէ պատմութեան ընթացքին չպահէինք մեր ազգութիւնն ու ցեղային պատկանելիութիւնը: Պարագան նոյնն է նաեւ բազմաթիւ այլ ազգերու եւ ցեղերու, որոնք տակաւին կանգուն կը մնան հակառակ համաշխարհայնացման ապարդիւն ջանքերուն: Միացեալ Նահանգներու պարագային, ան չունի որեւէ մէկ տեսակի ցեղային հաւաքականութիւն: Այստեղ գոյութիւն ունի այսօր զանազան ցեղերու հաւաքականութիւն, հակառակ անոր որ սկիզբ առած էր սպիտակ եւ մանաւանդ եւրոպական ցեղերու հաւաքականութեամբ եւ անշուշտ՝ բնիկ հնդիկ ցեղերու ոչնչացումով եւ ամբողջացումով: Իսկ ցեղային հաւատքով եւ սովորութիւններով համոզուած անձի մը, պետութեան մը կամ ազգի մը յարատեւութիւնը ինչպէ՞ս կարելի է փոխել զայն խառնելով այլազգիներու հետ:
Համաշխարհայնացումը, որքա՜ն որ ունենայ հետեւորդներ, տակաւին կը կարօտի մեծաքայլ համոզմունքներու:
Դասակարգային դիւրագրգռութիւնները եւ պատերազմները կու գան քար մը եւս աւելցնելու աշխարհի մէջ պատահած եղելութիւններուն վրայ: Անոնք նոյնպէս, սկսած են աշխարհի սկիզբէն ի վեր, երբ խոշտանգուած եւ նսեմացուած դասակարգեր ընբոստացած են զիրենք կեղեքող բարձր դասակարգին դէմ: Օրինակներ են Ռապին Հուտը, անգլիական, ֆրանսական, գերմանական, ռուսական եւ վերջերս պատահած՝ Հայաստանի յեղափոխութիւնները: Դասակարգային յեղափոխութիւնները ընդհանրապէս չեն տարած մեծ տարողութեամբ պատերազմներու, որովհետեւ անոնք եղած են երկիրներու ներքին հարցեր, սակայն յաճախ կրած են արիւնոտ հետեւանքներ: Աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ գոյութիւն ունի դասակարգային խտրականութիւն եւ այդ… կարելի չէ եղած վերացնել մինչեւ այսօր, հակառակ կատարուած փորձերուն եւ ջանքերուն: Մարդկային բնազդն է այստեղ որ կ՚իշխէ: «Ինչո՞ւ շահս ուրիշին հետ բաժնեմ»ի մտայնութեամբ, «թող երթայ ինքն ալ աշխատի», կամ զանազան այլ պատճառաբանութիւններով, որոնք բնական իրաւասութիւն կու տան անհատի մը միւսէն: Մեծագոյն օրինակն էր Խորհրդային Միութիւնը իր համայնավարական տիրակարգով, որ վերջաւորութեան ձախողեցաւ եւ տապալեցաւ մարդկային ոյժի համակարգին շահագործման, մարդկային ծուլութեան եւ կախուածութեան վարժութեան եւ բարձրագոյն դասակարգի մը ստեղծման պատճառներով: Այդտեղ եւս մարդկային բնազդը իշխեց, իր շահը ուրիշին հետ չբաժնելու մտայնութեամբ:
Դասակարգային բարձր խտրականութիւն կը տիրէր Անգլիա, Ռապին Հուտի ժամանակաշրջանին: Անշուշտ Ռապին Հուտի նման անհատներ եղած են տարբեր երկիրներու մէջ եւս, բայց այս անձին հանրածանօթ պարագայով, կրնանք նշել, թէ իր արարքներուն միակ նպատակը, հարուստէն գողնալով աղքատները կերակրել էր: Դասակարգային հսկայ տարբերութեան պատճառով որ տարած էր դէպի ստրկութիւն:
Այդպիսով զարգացան եւրոպական երկիրներու յեղափոխութիւնները, ծնունդ առնելու եւ հասնելու համար մինչե՜ւ միջին-արեւելքները, Հայաստանի հողերը, (դժբախտաբար՝ առանց հայ ժողովուրդին նախօրօք պատրաստութեան): Այդ դասակարգային յեղափոխութիւնները միշտ ալ յաջող արդիւնքներ չտուին կարգ մը երկիրներու մէջ: Նոյնիսկ, կարգ մը երկիրներու մէջ յաջողակ պատահածները ապագային, ժամանակի ընթացքին, կամաց-կամաց կրկին թեքեցան դէպի դասակարգային տարբերութիւններու հակառակ պետութիւններու ընկերային եւ հասարակարգային համակարգերու համադրումներու ջանքերուն:
Դասակարգային յեղափոխութիւնները եւ պատերազմները այսօր տեղի տուած են տիմոքրասի-ի յեղափոխութիւններով եւ պատերազմներով, երանի տալու համար նախկին մեր «գիտցած» յեղափոխութիւններուն:
Դիւրագրգռութեան պատճառներով ստեղծուած ընդհարումներու հետեւանքները բազմաթիւ են սկսեալ աննշան պատահարներէն մինչեւ պատերազմներ տանող:
Մնանք անվթար ու անեղծ բոլոր այդ պատահարներէն:






