Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

«Իմ Դպրոցս Խանութ Չէ». Դպրոցի Տնօրէնուհին Փորձած Է Ինքզինք Հրկիզել

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի մէջ, Ալ-Իթթիհատ Ալ-Թարպաուի («Կրթութեան միութիւն») դպրոցի տնօրէնուհի Հանան Քըրպաճ, որպէս բողոք, փորձած է ինքզինք հրկիզել կրթութեան նախարարութեան շէնքին առջեւ: Այս մասին կը հաղորդէ Lebanon debate կայքը։

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ տնօրէնուհիին բողոքի պատճառը կրթութեան նախարար Աքրամ Շըհայպի  վարմունքն է, որ  մերժած է իր դպրոցի աշակերտներուն պետական քննութիւնները յանձնելու քարտերը յանձնել:

 Աղբիւրին  համաձայն, Քըրպաճ վարելանիւթ (պենզին) թափած է հագուստներուն ու դէմքին վրայ եւ փորձած է ինքզինք   հրկիզել, սակայն ցոյցի մասնակցող ծնողներն ու աշակերտները կանխած են անոր արարքը։

Քաղաքացիական պաշտպանութեան միաւորներ Քըրպաճը տեղափոխած են հիւանդանոց, որովհետեւ դէմքին թափած պենզինը արեւի ենթարկուելու պատճառով վնասուածքներ պատճառած էր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին