Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

Պըրրին Յաջորդ Շաբաթ Օրէնսդրական Նիստ Կը Նախատեսէ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Երեքշաբթի օր հերթագրեց օրէնսդրական նիստ մը, որ պիտի կայանայ յաջորդ շաբաթ։ Խորհրդարանի նախագահի գրասենեակէն հաղորդուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ նիստը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Յունիս 26-ին, ժամը 11-ին:

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, իր հերթին յայտնեց, թէ նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի 9 կէտ:

Նիստ մը, որ պիտի վաւերացնէ կարեւոր օրէնք մը, որ կ՝արտօնէ  պետութեան գումար ծախսելու պաշտօնական պիւտճէի ընդունման բացակայութեան պարագային,  եւ որ պիտի ըլլայ «ամենակարեւոր կէտերէն մէկը»,- ըսաւ Ֆըրզլի:

Ամսուան սկիզբը, Խորհրդարանի ելեւմտական եւ պիւտճէի հարցերով յանձնաժողովը քուէարկեց նշեալ կէտին երկարաձգումը մինչեւ Յուլիսի կէս, սակայն Խորհրդարանը պէտք է վաւերացնէ զայն նախքան՝ օրէնքի վերածելը:

Ֆըրզլի նաեւ նշեց, որ ամենայն հաւանականութեամբ օրէնսդիրները պիտի քննարկեն շարք մը հրատապ օրինագիծեր՝ ինը կէտերուն հետ միասին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին