Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

ԵՄ-ն Կրնայ Սառեցնել Անգարայի Հետ Բանակցութիւնները Մաքսային Միութեան Համաձայնագրին Շուրջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   Եւրամիութիւնը կրնայ սառեցնել Անգարայի հետ բանակցութիւնները մաքսային միութեան համաձայնագրի նորացման շուրջ, եթէ Թուրքիան չդադրեցնէ ածխաջարծիններու հանքավայրերու շահագործումը Կիպրոսի մերձակայ վիճելի ջուրերուն մէջ: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես», Յունիս 18-ին յայտնած Է EUobserver տեղեկատուականը:

«Եւրամիութեան պետութիւնները կը սպառնան սառեցնել մաքսային միութեան նորացման շուրջ բանակցութիւնները Թուրքիոյ հետ, եթէ ան չդադրեցնէ կազի հորատումը Կիպրոսի մերձակայ վիճելի ջուրերուն մէջ, ըսուած Է Եւրամիութեան Ընդհանուր գործերու խորհուրդի եզրակացութիւններու նախագիծին մէջ, որուն նիստը կը կայանայ Յունիս 18-ին»,- գրած Է «Ինթերնեթ» հրատարակութիւնը: Ըստ անոր տեղեկատւութեան՝ «Եւրամիութիւնը պատրաստ Է հակազդելու համապատասխան կերպով եւ Կիպրոսի հետ լիակատար համերաշխութեամբ»: Ափամերձ ծանծաղուտի եւ Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիի մէջ յայտնաբերուած են կազի հանքավայրեր: Թուրքիոյ կարծիքով, ինք իրաւունք ունի տարածաշրջանի բնական հարստութիւններու նկատմամբ: Յունաստանի արտաքին գործերու նախարարութիւնը Թուրքիայէն պահանջած Է դադրեցնել հորատումը այդ գօտիին մէջ, կը հաղորդԷ ՌԻԱ Նովոսթին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին