Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

Փաշինեանը Նուիրատւութիւններու Նուազման Վտանգ Կը Տեսնէ՝ «Հայաստան» Հիմնադրամի Գումարներու Հաւաքագրման Կառուցակազմը Չփոխելու Պարագային

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գումարներու հաւաքագրման կառուցակազմը չփոխելու մէջ նուիրատւութիւններու նուազման վտանգ կը տեսնէ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Փաշինեանը նշեց Յունիս 18-ին տեղի ունեցած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան ժողովին ընթացքին:

«Մենք ամէն տարի կը խօսինք հաւաքագրումներու մասին: Ես կրնամ երաշխաւորել, որ այս համակարգով հաւաքագրումները անընդհատ պիտի նուազին: Մենք կրնանք վերցնել թիւեր, ուր համեմատաբար աւելի շատ հաւաքուած են գումարներ: Այդ հաւաքագրումներուն քարտէզը բանալու պարագային պիտի տեսնենք, որ ունինք դէպքեր, երբ գործարար մը նուիրաբերած է ընդհանուրի 50%-ը: Ասիկա, ի հարկէ, շատ լաւ է, եւ մենք շատ շնորհակալ պէտք է ըլլանք այդ մարդոց, բայց ահա այս կառուցուածքը այդ նուիրատուներն ալ կը մտահոգէ, որովհետեւ մարդիկ կ՝ըսեն` ինչու ես միայնակ կրնամ 7 միլիոն տալ, ամբողջ մնացեալ հայութիւնը եւս այդքան կամ աւելի քիչ: Այսինքն` մեր քաղաքականութիւնը այստեղ կ՝ապահովէ ոչ թէ անընդհատ ներգրաւուածութիւն, այլ աւելի ու աւելի քիչ շրջանակ կը ներգրաւէ այս թեմային մէջ, որ նոյնպէս կարեւոր խնդիր է»,- ըսաւ Փաշինեան:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհրդի տարեկանժողովին կը մասնակցէին ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին