«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի երկրորդական վարժարաններու շուրջ 40.000 աշակերտներ Երեքշաբթի առաւօտեան, մօտ 212 կեդրոններու մէջ, սկսան իրենց պետական քննութիւնները։
Հարաւային Լիբանանի կրթական բաժանմունքի ղեկավար Պասեմ Ապպաս լրատուամիջոցներուն յայտնեց, որ տարածքի քննչական կեդրոններուն մէջ մթնոլորտը «գերազանց» էր, իսկ քննութիւնները «տեղի կ՝ունենային շատ հանգիստ, առանց խախտումներու եւ յստակ հարցերով»:
«Բոլոր աշակերտները պիտի ստանան իրենց արժանի գնահատականները»,- աւելցուց ան:
Նշենք, որ անցեալ շաբաթ, 9-րդ դասարանի հազարաւոր աշակերտներ յանձնեցին Պրէօվէի քննութիւն, որ իրենց հնարաւորութիւն պիտի տայ տեղափոխուելու բարձրագոյն դասարաններ:






