Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

Երկրորդական Վարժարանի Հազարաւոր Աշակերտներ Կը Մասնակցին Պետական Քննութիւններուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   Լիբանանի երկրորդական վարժարաններու շուրջ 40.000 աշակերտներ Երեքշաբթի առաւօտեան, մօտ 212 կեդրոններու մէջ, սկսան իրենց պետական քննութիւնները։

Հարաւային Լիբանանի կրթական բաժանմունքի ղեկավար Պասեմ Ապպաս լրատուամիջոցներուն յայտնեց, որ տարածքի քննչական կեդրոններուն մէջ մթնոլորտը «գերազանց» էր, իսկ քննութիւնները «տեղի կ՝ունենային շատ հանգիստ, առանց խախտումներու եւ յստակ հարցերով»:

«Բոլոր աշակերտները պիտի ստանան իրենց արժանի գնահատականները»,- աւելցուց ան:

Նշենք, որ անցեալ շաբաթ, 9-րդ դասարանի հազարաւոր աշակերտներ յանձնեցին Պրէօվէի քննութիւն, որ իրենց հնարաւորութիւն պիտի տայ տեղափոխուելու բարձրագոյն դասարաններ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին