«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Եւրամիութիւնը կրնայ սառեցնել Անգարայի հետ բանակցութիւնները մաքսային միութեան համաձայնագրի նորացման շուրջ, եթէ Թուրքիան չդադրեցնէ ածխաջարծիններու հանքավայրերու շահագործումը Կիպրոսի մերձակայ վիճելի ջուրերուն մէջ: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես», Յունիս 18-ին յայտնած Է EUobserver տեղեկատուականը:
«Եւրամիութեան պետութիւնները կը սպառնան սառեցնել մաքսային միութեան նորացման շուրջ բանակցութիւնները Թուրքիոյ հետ, եթէ ան չդադրեցնէ կազի հորատումը Կիպրոսի մերձակայ վիճելի ջուրերուն մէջ, ըսուած Է Եւրամիութեան Ընդհանուր գործերու խորհուրդի եզրակացութիւններու նախագիծին մէջ, որուն նիստը կը կայանայ Յունիս 18-ին»,- գրած Է «Ինթերնեթ» հրատարակութիւնը: Ըստ անոր տեղեկատւութեան՝ «Եւրամիութիւնը պատրաստ Է հակազդելու համապատասխան կերպով եւ Կիպրոսի հետ լիակատար համերաշխութեամբ»: Ափամերձ ծանծաղուտի եւ Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիի մէջ յայտնաբերուած են կազի հանքավայրեր: Թուրքիոյ կարծիքով, ինք իրաւունք ունի տարածաշրջանի բնական հարստութիւններու նկատմամբ: Յունաստանի արտաքին գործերու նախարարութիւնը Թուրքիայէն պահանջած Է դադրեցնել հորատումը այդ գօտիին մէջ, կը հաղորդԷ ՌԻԱ Նովոսթին:






