Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Հնդկաստանի Մէջ Տաքի Պատճառով 70 Մարդ Մահացած է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Հնդկաստանի Պիհար նահանգի մէջ տաքի պատճառով 70 մարդ մահացած է: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ, այս մասին կը տեղեկացնէ չինական «Սինխուա» գործակալութիւնը:  Օդերեւութաբանները կը տեղեկացնեն, որ օդի ջերմաստիճանը սովորականէն 5 աստիճան բարձր է:

Տաք եղանակը պիտի պահպանուի յառաջիկայ երկու օրերուն եւս: Օդերեւութաբաններու տուեալներով՝ Հնդկաստանի որոշ հատուածներուն մէջ օդի ջերմաստիճանը հասած է +48-ի, այլ շրջաններու մէջ՝ նոյնիսկ +50-ի:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին