«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիպիայի մայրաքաղաք Թրիփոլիիի մէջ Ապրիլէն սկսած զինուած բախումներու հետեւանքով զոհուած է 691 մարդ: «Արմէնփրես», վկայակոչելով ԹԱՍՍ գործակալութիւնը՝ կը հաղորդէ, որ այս տուեալները հրապարակած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը:
«Զինուած բախումներու հետեւանքով զոհուած է 691 մարդ, ներառեալ խաղաղ բնակիչներ: Չորս հազարէն աւելի մարդ ստացած է տարբեր աստիճանի վնասուածքներ»,-ըսուած է կազմակերպութեան հաղորդագրութեան մէջ: Աւելի վաղ կազմակերպութիւնը կը հաղորդէր 653 զոհի եւ 3 հազար 500 տուժածի մասին:






