Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

Եւրոպայի Խորհուրդը Կը Վերահաստատէ ՀՀ Կառավարութեան Բարեփոխումներու Իրականացման Օժանդակելու Հատրաստակամութիւնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Գաբրիէլա Պաթաինի–Տրակոնիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

«Արմէնփրես», վկայակոչելով ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը՝ կը տեղեկացնէ, որ վարչապետը կարեւորած է ՀՀ կառավարութեան եւ Եւրոպայի խորհուրդի միջեւ սերտ համագործակցութիւնը տարբեր ուղղութիւններով, ներառեալ՝ ժողովրդավարութեան զարգացման Հայաստանի օրակարգը արծարծելու գործին մէջ: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ այդ օրակարգին մէջ ներկայիս կարեւոր նշանակութիւն ունին դատաիրաւական ոլորտէն ներս բարեփոխումները: Կառավարութեան ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է ԵԽ-ին՝ զանոնք կեանքի կոչելու գործին մէջ օժանդակութիւն ցուցաբերելու գործնական քայլերուն, ներառեալ՝ ԵԽ  բարձրաստիճան առաքելութեան անդամներու Հայաստան այցի համար:  

Գաբրիէլա Պաթաինի–Տրակոնին վարչապետին փոխանցած է ԵԽ գլխաւոր քարտուղար Թէօրպորն Եակլանտի ջերմ ողջոյնները եւ անոր պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու դատաիրաւական համակարգի բարեփոխումներու իրականացման: ԵԽ գլխաւոր քարտուղարի տեղակալը անդրադարձած է Հայաստան-Եւրոպայի խորհուրդ 2019-2022 թուականներու Գործողութիւններու ծրագրին, որուն պաշտօնական մեկնարկի արարողութիւնը կայացած է այսօր: Գաբրիէլա Պատաինի–Տրակոնին վարչապետին  ներկայացուցած է ծրագրի ուղղութիւնները՝ նշելով, որ Եւրոպայի խորհուրդը պատրաստակամ է սերտ համագործակցութեան տարբեր ուղղութիւններով Հայաստանի իշխանութիւններու նախաձեռնած բարեփոխումները կեանքի կոչելու գործին մէջ:

Վարչապետը ընդգծած է, որ բարեփոխումներու վերջնական նպատակը քաղաքացիներու վստահութեան ձեւաւորումն ու ամրապնդումն է դատական համակարգի նկատմամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին