Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

Դատաւորները Կ՝որոշեն Ժամանակաւորապէս Դադրեցնել Գործադուլը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Դատաւորները Երկուշաբթի օր յայտարարեցին, թէ ժամանակաւորապէս պիտի կասեցնեն գործադուլը, որ սկսած էր աւելի քան մէկ ամիս առաջ` 2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծով խնայողութիւններու միջոցներուն դէմ բողոքելու համար եւ կը պահանջէր դատական ​​համակարգին անկախութիւնը:

Դատաւորներուն նշեալ որոշը յաջորդեց այն կարճատեւ հանդիպումին, որ կայացաւ Պէյրութի Արդարադատութեան պալատին մէջ, հաղորդեց պետական ​​լրատուական գործակալութիւնը՝ աւելցնելով, որ դատաւորները շուտով բացատրութիւններ պիտի տան իրենց որոշման մասին:

2019 թուականի պետական ​​պիւտճէի նախագիծը, որ ներկայիս կը քննարկուի խորհրդարանի ելեւմտական եւ պիւտճէի կոմիտէին կողմէ, կը ներառէ պիւտճէի պակասուրդի կրճատման համար խիստ խնայողութիւններու միջոցներ: Անոր ծախսերուն կրճատումները կը ներառեն պետական ​​հատուածի նպաստներու եւ կենսաթոշակներու նուազում:

Նախագիծի համաձայն, դատաւորի կենսաթոշակային հիմնադրամին տրամադրուած է 10.8 միլիառ լիբանանեան ոսկի (մօտ 7.1 միլիոն տոլար), 2018-ի պիւտճէով յատկացուած 12 միլիառին (մօտ 7.9 միլիոն տոլար) փոխարէն:

Քանի որ կառավարութեան կողմէ Մայիսին նախագիծը ներկայացուած է խորհրդարանի ելեւմտական եւ պիւտճէի կոմիտէին՝ օրէնսդիրները մերժած են պիւտճէի շարք մը խնայողութիւններու միջոցներ, ինչպէս` կենսաթոշակներու նոր հարկերը:

Երբ յանձնաժողովը հաստատէ փաստաթուղթը, պիւտճէն պիտի փոխանցուի խորհրդարանի ընդհանուր ժողով` օրէնսդիրներին կողմէ քուէարկուելու:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին