Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Չինաստանի Նախագահը Էրտողանին Առաջարկած է Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Համագործակցութիւնը Ընդլայնել

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինը Տուշանպէի մէջ Թուրքոյ նախագահ Էրտողանի հետ հանդիպման ժամանակ անոր առաջարկած է ընդլայնել երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», այս մասին նշուած է Չինաստանի արտաքին գործերու նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

«Ներկայիս կողմերը պէտք է վճռականօրէն աջակցին մէկը միւսին արմատական հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու մէջ, ամրապնդեն համագործակցութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոլորտէն ներս»,- նշած է Սի Ծինփինը:

Ան ընդգծած է, որ մեծ նշանակութիւն կուտայ թուրք-չինական յարաբերութիւններուն: Չինաստանի նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է Էրտողանի հետ աշխատիլ երկկողմ բարեկամութիւնը փոխվստահութեան վերածելու ուղղութեամբ:

Նշելով, որ Թուրքիան մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ Չինաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման՝ Էրտողան յայտնած է, որ իրենք պատրաստ են ընդլայնելու համագործակցութիւնը առեւտրա-տնտեսական եւ ֆինանսական, ինչպէս նաեւ ենթակառուցուածքներու ոլորտներէն ներս։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին