«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱԺ փոխնախագահ Էլի Ֆըռզլի Կիրակի օր յայտարարեց, որ խորհրդարանը 2019-ի պետական պիւտճէն պիտի վաւերացնէ Յուլիս 5-ին, եւ որ փաստաթուղթը «շատ շուտով» պիտի ներկայացուի խորհրդարանի ընդհանուր ժողովի քննարկման:
Այժմ պիւտճէն կը քննարկուի Խորհրդարանի ելեւմուտքի եւ պիւտճէի կոմիտէին կողմէ, որմէ ետք անիկա պիտի ներկայացուի ընդհանուր ժողովին՝ նախքան իբրեւ օրէնք ընդունուիլը:
Յանձնաժողովը՝ մինչ օրս կայացած քննարկումներուն ընթացքին մերժած է պիւտճէի խնայողութիւններուն վերաբերող շարք մը կէտեր: Այնուամենայնիւ, ըստ Ֆըրզլիի, այդ յօդուածները պիտի փոխարինուին այլ միջոցներով` ապահովելու համար պիւտճէի պակասուրդի կրճատումը:
Յիշեցնենք, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի այս շաբթուան սկիզբը կոչ ըրաւ խորհրդարանին՝ արագօրէն հաստատելու պիւտճէի նախագիծը:






