Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Պէյրութի Քաղաքապետարանը Կը Վերացնէ Ռամլէթ Պայտայի Չարտօնագրուած Կառոյցները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Պէյրութի քաղաքապետարանի աշխատակիցները, Շաբաթ օր, նահանգապետ Զիատ Ըշպիպի հրահանգով սկսան վերացնել Ռամլէթ Պայտայի անօրինական կառոյցները, որոնք քաղաքի միակ հանրային լողափին գտնուող կառոյցներն են։

Պետական ​​ազգային լրատուական գործակալութեան յայտարարութեան համաձայն՝ Ըշպիպի գրասենեակը կը պնդէր, որ լողափին կառուցուած են բազմաթիւ «անօրինական եւ չարտօնուած շինութիւններ», որոնք այժմ կը հանուին: Այդ կառոյցներուն մէջ կը ներառուին տօնակատարութիւններու դահլիճը, ճաշարանը, խոհանոցը, սրճարանը, փուռը եւ այլն։

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ այդ կառոյցները վերացնելէ ետք լողափի աւազը պիտի մաքրուի։

Անցեալ ամիս Պէյրութի քաղաքապետարանը յայտարարած էր, որ միջոցներ կը ձեռնարկուին  տարածքի գեղեցկացման համար, որպէսզի, ամառնային զբօսաշրջութեան ժամանակահատուածին անիկա աւելի մատչելի ըլլայ այցելուներուն համար:

Ցուցակը կ՝ընդգրկէ «Մուվընփիք» հիւրանոցի ծովափնեայ տարածքը, որուն աշխատանքները արդէն իսկ աւարտած են, նաեւ Ռամլէթ Պայտայի լողափի աւազի մաքրութիւնը եւ լուսաւորութիւնը ողջ ճանապարհի, որ կը տարածուի լողափի հարաւէն դէպի Այն Մըրէյսիի հիւսիսը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին