«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինը Տուշանպէի մէջ Թուրքոյ նախագահ Էրտողանի հետ հանդիպման ժամանակ անոր առաջարկած է ընդլայնել երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», այս մասին նշուած է Չինաստանի արտաքին գործերու նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
«Ներկայիս կողմերը պէտք է վճռականօրէն աջակցին մէկը միւսին արմատական հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու մէջ, ամրապնդեն համագործակցութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոլորտէն ներս»,- նշած է Սի Ծինփինը:
Ան ընդգծած է, որ մեծ նշանակութիւն կուտայ թուրք-չինական յարաբերութիւններուն: Չինաստանի նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է Էրտողանի հետ աշխատիլ երկկողմ բարեկամութիւնը փոխվստահութեան վերածելու ուղղութեամբ:
Նշելով, որ Թուրքիան մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ Չինաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման՝ Էրտողան յայտնած է, որ իրենք պատրաստ են ընդլայնելու համագործակցութիւնը առեւտրա-տնտեսական եւ ֆինանսական, ինչպէս նաեւ ենթակառուցուածքներու ոլորտներէն ներս։






