Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Իրան Միջուկային Գործարքի Ծիրէն Ներս Պարտաւորութիւններու Կրճատման Մասին Զեկոյց Մը Պիտի Ներկայացնէ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Իրանի հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութիւնը (ԻՀՈՒԿ) Յունիս 17-ին միջուկային գործարքի ծիրէն ներս պարտաւորութիւններու կրճատման մասին զեկոյց մը պիտի ներկայացնէ։

« ԻՀՈՒԿ-ը վաղը պիտի ներկայացնէ ԳՀՀԾ (Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագիր) ծիրէն ներս պարտաւորութիւններու կրճատման առաջին քայլի վերաբերեալ զեկոյց մը»,- նշուած է ԻՀՈՒԿ-ի հաղորդագրութեան մէջ։

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն, հաղորդագրութեան համաձայն՝ զեկոյցը պիտի պարունակէ տեղեկատւութիւն հարստացուած ուրանի պաշարներու, ինչպէս նաեւ ծանր ջուրի արտադրութեան աւելնալու մասին։

«Այդ զեկոյցի մէջ պիտի յայտարարուին քայլեր, որոնք ձեռնարկուած են պարտաւորութիւններու կրճատման երկրորդ փուլին անցնելու համար»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Իրանի մէջ ձեռնարկուած միջոցները բացատրուած է ԱՄՆ-ի կողմէ միջուկային գործարքի խախտումներով եւ Ուաշինկթոնի կողմէ Թեհրանի դէմ պատժամիջոցներու կիրառմամբ, ինչպէս նաեւ ԳՀՀԾ-ի մէջ մնացած անդամներու (Գերմանիա, Ֆրանսա, Մեծ Բրիտանիա, Չինաստան եւ Ռուսաստան)՝ ծագած խնդիրները պատշաճ լուծելու անկարողութեամբ։

Թեհրան յայտարարած է, որ յաջորդ փուլին, եթէ միջուկային գործարքի անդամ երկիրները Իրանի շահերը նշուած ժամկէտին չապահովեն, երկիրը պիտի հրաժարի ուրանի հարստացման սահմանափակումէն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին