Հայ Աւետ. Գոլէճի պատուակալ տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան ընդառաջելով ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Ափի Շրջանաւարտներու եւ նախկին աշակերտներու հրաւէրին Մայիս 22-ին մեկնեցաւ Լոս Անճելոս եւ իրենց կազմակերպած 25 Մայիս 2019-ի վերահաւաքին ներկայ գտնուեցաւ: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կլէնտէյլի Ֆենիսիա հայկական ճաշարանին մէջ երեկոյեան ժամը 6:00-էն 10:00-ի ընթացքին: Ձեռնարկին ելոյթ ունեցան կազմակերպիչներու կողմէ Ժիրայր Ֆրունճեան բացման խօսքով: Իսկ դպրոցին եւ օրուայ հիւրին առնչութեամբ խօսք առաւ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, ան համապարփակ ելոյթ մը ունեցաւ խօսելով դպրոցի անցեալին ու ներկային մասին, շեշտելով թէ շրջանաւարտներն ու նախկին աշակերտները իրենց ներդրումով նպաստած են եւ կը շարունակեն նպաստել դպրոցի գոյատեւման ու առաքելութեան շարունակութեան:
Ան աւելցուց, թէ դպրոցը հպարտ է իր շրջանաւարտներով եւ նախկին աշակերտներով, որոնք կեանքի այլազան ոլորտներուն մէջ յաջողութիւն արձանագրած են: Պատուակալ տնօրէնը նշեց թէ անոնք Հայ Աւետ. Գոլէճի գանձերն են: Այս առիթով եղան նուիրատուութիւններ: Դոկտ. Զ. Մսըրլեան Պէյրութ վերադարձաւ 5 Յունիսին: