Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Ֆըրզլի. Խորհրդարանը Պիւտճէն Պիտի Վաւերացնէ Յուլիս 5-ին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱԺ փոխնախագահ Էլի Ֆըռզլի Կիրակի օր յայտարարեց, որ խորհրդարանը 2019-ի պետական ​​պիւտճէն պիտի վաւերացնէ Յուլիս 5-ին, եւ որ փաստաթուղթը «շատ շուտով» պիտի ներկայացուի խորհրդարանի ընդհանուր ժողովի քննարկման:

Այժմ պիւտճէն կը քննարկուի Խորհրդարանի ելեւմուտքի եւ պիւտճէի կոմիտէին կողմէ, որմէ ետք անիկա պիտի ներկայացուի ընդհանուր ժողովին՝ նախքան իբրեւ օրէնք ընդունուիլը:

Յանձնաժողովը՝ մինչ օրս կայացած քննարկումներուն ընթացքին մերժած է պիւտճէի խնայողութիւններուն վերաբերող շարք մը կէտեր: Այնուամենայնիւ, ըստ Ֆըրզլիի, այդ յօդուածները պիտի փոխարինուին այլ միջոցներով` ապահովելու համար պիւտճէի պակասուրդի կրճատումը:

Յիշեցնենք, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի այս շաբթուան սկիզբը կոչ ըրաւ խորհրդարանին՝ արագօրէն հաստատելու պիւտճէի նախագիծը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին