«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ուժանիւթի նախարար Նատա Պուսթանի յայտնեց, թէ Լիբանանի բնակիչները պէտք է ամրան ընթացքին աւելի քիչ ակնկալութիւն ունենան ելեկտրականութենէն, քանի որ 2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծով՝ նախարարութեան տրամադրուած ֆինանսաւորումը կրճատուած է:
Սակայն, նախորդ ամիս կառավարութեան կողմէ հաստատուած 2019-ի պիւտճէին համաձայն, Ուժանիւթի նախարարութիւնը ֆինանսական որեւէ կրճատում պիտի չունենայ:
Իրականութեան մէջ, Պուսթանիի նախարարութեան ֆինանսաւորումը որոշ չափով պիտի աւելնայ. Պիւտճէի նախագիծով նախարարութեան պիտի յատկացուի 400 միլիառ լ.ո. (մօտ 265 միլիոն տոլար), անցեալ տարուան 217,5 միլիոն տոլարին փոխարէն:
Ուժանիւթի նախարարութիւնը նպատակ ունի երկրին մէջ ելեկտրականութեան արտադրութիւնը բարձրացնելու եւ նուազեցնելու Լիբանանի Ելեկտրական Ցանցերու ջախջախուող պակասուրդը, որ տարեկան կը գնահատուի 1.5 միլիառ տոլարէն-2 միլիառ տոլար:
Նշենք, որ ելեկտրականութեան ոլորտի վերակառուցումը եւ պիւտճէի պակասուրդի նուազեցումը՝ անցեալ տարուան CEDRE խորհրդաժողովին ընթացքին՝ երկու հիմնական պահանջներն են միջազգային նուիրատուներուն, որոնք խոստացած են աւելի քան 11 միլիառ տոլարի դրամաշնորհներ եւ արտօնեալ վարկեր տրամադրել Լիբանանի համար՝ կարեւոր ներդրումային եւ ենթակառուցուածքային նախագիծեր ֆինանսաւորելու համար:
Պուսթանիի ծրագիրով պէտք է շարունակուի Մեթընի մէջ տեղադրումը բարձր լարման ելեկտրագիծերուն, որոնք շուրջ 15 տարի է կասեցուած են, որովհետեւ անոնք կը վնասեն տեղի բնակչութեան առողջութեան:
Պուսթանի յայտնեց, թէ բարձր լարման ելեկտրագիծերը Մանսուրիէի եւ Այն Սաատի մէջ արդէն իսկ տեղադրուած են, եւ բնակիչները շուտով պիտի տեսնեն ելեկտրականութեան մատակարարման բարելաւումը:
Ուժանիւթի նախարարը նաեւ քննարկեց Չորեքշաբթի օրուան իր հանդիպումը Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանային վէճը միջնորդող ԱՄՆ դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի հետ: Ըստ նախարարին՝ Սաթըրֆիլտ ըսած է, որ իր երկիրը պիտի խրախուսէ ամերիկեան ընկերութիւնները՝ մասնակցելու Լիբանանի քարիւղի եւ կազի հետախուզութեան երկրորդ արտօնագրման փուլին:






