Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Նոր Զելանտայի Հրաձիգը Չ’ընդունիր Իր Մեղքը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Աւստրալացի Պրենթըն Թարանթ, որ կը մեղադրուի Նոր Զելանտայի Քրայսթչըրչ քաղաքի մէջ 50 մարդու սպանութեան մէջ, հրաժարած Է ընդունիլ իր մեղքը: Այդ մասին կը  տեղեկացնԷ «Արմէնփրես», վկայակոչելով տեղական զանգուածային լրատուամիջոցները:

28-ամեայ Թարանթը դատարան ներկայացած է  տեսակապով Օքլենտի խիստ օրէնքներով բանտի ոչ մեծ խուցէն: Հրաձիգին առաջադրուած են 50 սպանութեան, 40 մահափորձի մեղադրանքներ եւ ահաբեկչութեան մէկ մեղադրանք: Մեղքը չընդունելու մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած են անոր փաստաբանները: Միեւնոյն ժամանակ դատաւոր Քամերոն Մանտերը յայտնած Է, որ Թարանթի հոգեկան առողջութեան երկու գնահատումները աւարտած են: Անոնց համաձայն՝ որեւէ կարգի խնդիրներ չկան իր մեղքը ընդունելու եւ դատարանի առջեւ կենալու  մեղադրեալի ունակութեան նկատմամբ: Թարանթը կալանքի տակ պիտի մնայ մինչեւ յաջորդ դատաքննութիւն, որ տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 15-ին:

Նշենք, որ Մարտ 15-ին Նոր Զելանտայի Քրայսթչըրչ քաղաքի մզկիթին մէջ, որ կը գտնուի այդ քաղաքի Լինուուտ արուարձանի մէջ, տեղի ունեցաւ հրաձգութիւն: Յարձակման հետեւանքով զոհուեցաւ 50 մարդ, տասնեակ մարդիկ վիրաւորուեցան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին