Երեքշաբթի, 10. 03. 2026

spot_img

Թշնամիի Գնդակէն Նահատակուեցաւ Զինուոր Արտիոմ Խաչատրեանը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Յունիս 13-ին, Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պաշտպանութեան վայրին մէջ, թշնամիին կողմէ արձակուած գնդակէն նահատակուեցաւ 1999-ի ծնունդ զինուոր Արտիոմ Վազգէնի Խաչատրեան:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ նահատակուած զինուորի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիր, որուն համաձայն՝ Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած արիութեան համար ԱՀ պաշտպանութեան բանակի N զորամասի զինծառայող Արտիոմ Խաչատրեանը յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով։  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին