Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՆԱՄԱԿԱՆԻ

Յարգելի» Սեւակ,

Հիմնուելով «Զարթօնք»ի Երեքշաբթի 11 Յունիս 2019ի մէջ ձեր ստորագրած յօդուածին վրայ, կ՛ըսեմ թէ հաւանական է, որ շատ մը արեւելեան երկիրներուն նման, հայերս ալ ունինք Պութէֆլիքաներ։

Վերջին 30 տարիներուն, բացառութիւնները յաճախ յարգուած են սակայն Հայկական Սփիւռքի լրատուամիջոցները չեն նշեր ոեւէ անուն, որ Պութէֆլիքա է մեր համայնքէն ներս։

ՀԲԸՄ-ը, ՀՅԴ-ն, ՌԱԿ-ը, բոլորն ալ լուռ են եւ համակերպուած` այսպիսի բռնապետերու։

Նոյնը կը շարունակուի մեր հաստատութիւններէն ներս, ներառեալ՝ եկեղեցիէն։

Հասարակութիւնը ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի հասկնայ, թէ իսկապէս ով է այդ անունը կրող անձը կամ անձերը։

Եթէ լրատուամիջոցները չեն նշեր ու ամօթանք չեն տար նման մարդոց, ուստի շատ հայեր պիտի չգիտնան այդ մասին։

Նման հաւանականութեան մը մասին միայն ընդհանրացնելը բաւարար չէ։

Թերթերը պէտք է զգուշացնեն հասարակութիւնը այդպիսի անձնաւորութիւններու մասին եւ ո՛չ թէ լռեն։

Սփիւռքահայ հասարակութենէն շատեր վստահած են այդպիսի «բռնապետերու կամ օլիկարխներու» եւ վատնած են ժամանակ ու դրամ՝ մինչեւ հասկցած են, որ արդէն շատ ուշ է։ 

Մեր հետաքննող լրագրողները պէտք է գրեն եւ հասարակութիւնը տեղեակ պահեն իրականութեան մասին։

Յարգանքներով՝

ԱՐԱ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին