Երկուշաբթի, 28. 07. 2025

spot_img

Յովհաննէս Ահմարանեանի նոր գիրքը պիտի ներկայացուի «Ապրիլ» գրատան մէջ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեանի հեղինակած «Հայը եւ Հայաստանը Աստուածաշունչին մէջ» նոր լոյս տեսած գիրքը պիտի ներկայացուի Հինգշաբթի, 20 Յունիս 2019, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale, CA)։ Գիրքը պիտի ներկայացնէ Գաբրիէլ Մոլոյեանը։ Մուտքը ազատ է։ Տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել՝ (818) 243-4112։ 

Գիրքը կը նկատուի այժմէական, խիստ գնահատելի եւ գիտելիքներով հարուստ աշխատասիրութիւն մը։  Հատորը կ՚անդրադառնայ եւ ցոյց կու տայ Հայուն գոյութիւնը Աստուածաշունչին մէջ, եւ թէ ինչպէս Հայը Աստուածաշնչական ժողովուրդ եղած է։
Դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Երկրորդական ուսումը ստացած է Զմմառու վանքին մէջ, ապա Հռոմ, ուր շարունակած է փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանական դասընթացքները: Հեղինակ է բազմաթիւ եւ բազմալեզու գիրքերու: Հրատարակութեան համար պատրաստ ունի աշխատասիրութիւններ: Եղած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի եւ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանի նախկին դասախօս:

Գիրքի ներկայացումը կազմակերպուած է «Ապրիլ» գրատան կողմէ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին