Երեքշաբթի, 24. 06. 2025

spot_img

Տատեան վարժարանի 175-ամեակի յոբելենական յանձնախումբէն

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Պաքըրքիւղի Ծ.Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ ու Տատեան վարժարանի  հիմնարկութեան-175 ամեակի երջանիկ հանգրուանն է 2019 թուականը։

Յանձնախումբս պատրաստած է զանազան ձեռնարկներէ բաղկացեալ ծրագիր մը, որուն մաս կը կազմէ Յուշամատեանի հրատարակութիւն, որ պիտի ցոլացնէ Տատեան վարժարանի վերջին 25 տարուան պատմականը։

Այս առթիւ յանձնախումբս կոչ կ՚ուղղէ Պոլսոյ կամ արտասահմանի բոլոր Տատեանցիներուն, նախկին Պաքըրքիւղցիներու եւ թաղեցիներուն, որպէսզի տեղեկութիւններ ուղարկեն իրենց մասին կամ գրի առնեն յուշեր իրենց աշակերտական օրերէն՝ մաս կազմելու նպատակաւ Յուշամատեանին մէջ։

Սիրելի սփիւռքի Տատեանցիներ,

Վստահ ենք թէ սա պահուն ձեր սրտերուն խորը կը զգաք անշահախնդիր սէր՝ հանդէպ ձեր դարաւոր եկեղեցիին ու վարժարանին եւ ձեր հոգիները կը հրճուին երբ կը լսէք Տատեան վարժարանի արձանագրած յարաճուն վերելքը կամ ականատես կ՚ըլլաք վարժարանի նորանոր յաջողութիւններուն։

Յանձնախումբս կը խնդրէ վայելել ձեր զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը այս առիթով։

Դիւան՝

Կարգադիր յանձնախումբի

Տատեան վարժարանի Հեռ. 0212-571-6077

e-mail: info@dadyan.k12.tr

Գրութիւնները հաճէիք ուղարկել մինչեւ Սեպտեմբեր 2019 թուականը։

Ամերիկայէն եւ Քանատայէն յաւելեալ մանրամասնութեան համար կրնաք դիմել «Տատեան» վարժարանի 1948-49 շրջանաւարտներէն Յակոբ Ծերունեանի։

Լոս Անճելըս, Հեռ. (310)541-9912, e-mail: jack.zerunyan@verizon.net, Subject: Dadyan

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին