Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Սուրիոյ Պատուիրակութիւնը Պոյքոթի Կ՝ենթարկէ ԱՄԽ-ի Նիստին Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Նախարարին Ելոյթը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հինգշաբթի, Ժընեւի մէջ ընթացող Աշխատանքի միջազգային խորհրդաժողովին, Սուրիոյ պատուիրակութիւնը դուրս եկաւ ժողովասրահէն, երբ ելոյթ կ՝ունենար Դամասկոսը քննադատող Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան նախարարը:

Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժաաժահ, Tweeter-ի միջոցով յայտնեց, թէ «պատիւ էր, որ սուրիական վարչակարգի պատուիրակութիւնը պոյքոթի կ՝ենթարկէր Աշխատանքի նախարար Քամիլ Ապու Սլէյմանի խօսքերը… բայց պատուաբեր չէր Միջազգային Աշխատանքային խորհրդաժողովին՝ առաջին կարգով հիւրընկալել Սուրիական վարչակարգի պատուիրակութիւնը»։ 

Նշենք, որ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան անդամ երկիրները իւրաքանչիւր տարի կը հաւաքուին խորհրդաժողովի համար, որուն նպատակն է մշակել եւ ընդունիլ աշխատանքային չափանիշներ, որոնք պէտք է վաւերացուին երկիրներուն կողմէ:

Ապու Սլէյման, Ժընեւի իր ելոյթով կոչ ըրած էր միասնական ջանքեր գործադրելու՝ ապահովելու համար «սուրիացի փախստականներուն վերադարձը իրենց երկիր»:

«Գաղտնիք չէ, որ Լիբանանի առջեւ ծառացած ամենակարեւոր մարտահրաւէրները կը գտնուին սուրիական ճգնաժամի սկիզբը տեղահանուած աննախադէպ թիւով սուրիացիներու մէջ»,- ըսած էր Ապու Սլէյման` պնդելով, որ տեղահանուած սուրիացիները գործազրկութեան հիմնական պատճառն են, յատկապէս երիտասարդներու համար:

Լիբանանցի պաշտօնեաներուն պնդումով՝ Լիբանանի գործազրկութեան մակարդակը մօտ 25 տոկոս է, թէեւ երիտասարդներու գործազրկութիւնը զգալիօրէն բարձր է՝ մօտ 35 տոկոս:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին