Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՆՈՐՈՇ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Մեծ երկիրներու սահմանադրութիւնները, որոնք ընդհանրապէս այնքան իմաստութեամբ, լայնախոհութեամբ եւ հեռատեսութեամբ խմբագրուած են, ունին յատկանշական նկարագիր մը։ Օրինակի համար, ամերիկեանը՝ անհատապաշտ է, եւրոպականը՝ ազգայնական, չինականը՝ նուիրապետական։ Լրացուցիչ բնութագրումներ կու գան ամբողջացնելու իւրաքանչիւրին իշխանավարութեան ձեւը։

Երկրի մը տարածութիւնը կամ ծաւալը, աշխարհագրական-ռազմավարական դիրքը, տնտեսական զօրութիւնն ու զինուորական ուժը կը տնօրինեն ազգերու ունեցած կշիռը միջազգային փոխյարաբերութեանց մէջ։ Մեծ տէրութեանց մնացեալ իտէալական ձգտումները, որքան ալ ներկայացուին ճարտարօրէն, կը ծառայեն քօղարկելու անոնց բուն նպատակակէտերը։

***

Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն ետք, Միացեալ Նահանգներու եւ Խորհրդային Միութեան շուրջ քառասնամեայ մրցակցութիւնը, աշխարհի տիրապետութեան համար, յանգեցաւ Սովետական Միութեան փլուզումին, որուն հետեւեցաւ Միացեալ Նահանգներու միջազգային գերակշռութիւնը։

Մինչ այդ սակայն, հետզհետէ կը բարգաւաճի նաեւ աշխարհի ամէնէն բազմազգ երկրին՝ Չինաստանի, յատկապէս տնտեսական համակարգը։ Այս պատճառով ալ, ինքնաբերաբար կը զօրանար Չինաստանի քաղաքական ու զինուորական ընդհանուր վարկը, սկսելով շրջապատէն, տարածուելու համար բոլոր ցամաքամասերէ ներս, յատկապէս «մետաքսէ ճամբու» մը վերստեղծումին համար։

Աֆղանիստանի երկարաձգուող պատերազմին, սուրիական քաղաքացիական պատերազմին, «Իսլամական Խալիֆայութեան» ստեղծումին եւ անկումին հետեւանքով, Լիպիոյ ներքին պառակտումին շարունակումով, գաղթականական ալիքները, մանաւանդ դէպի Եւրոպա, խախտած են Եւրոպական Միութեան երկիրներու քաղաքատնտեսական օրինավիճակը։ Գաղթականներու իրերայաջորդ յորձանքները, Արեւելքէն, Միջին Արեւելքէն եւ աշխարհի ա՛յն երկիրներէն ուր ներքին սուր խռովութիւններ կը յամենան, տակաւ կը շարունակեն ողողել Եւրոպան։

Զամանալու չէ, որ եւրոպական երկիրները անապահով զգալով, դիմեն ուժի քաղաքականութեան։ Այսպէս Գերմանիոյ վերազինումը մտահոգիչ պիտի դառնայ, առաջին հերթին՝ իր դրացիներուն, թերեւս քայքայումի առաջնորդելով Եւրոպական Միութիւնը, որմէ դուրս եկած է (Brexit) արդէն Բրիտանիան։

Ամերիկեան ներկայ իշխանութիւնը, դիրքորոշուելով համաշխարհային ազատ շուկայի դէմ, ու միւս կողմէ թիկունք կանգնելով Եւրոպայի աջակողմեան խմբաւորումներու (նշանակելի է Մայք Փոմփէոյի 2018 տարուան աւարտին Պրիւքսէլի ճառը), յատկապէս Ֆրանսայի (առաջնորդ՝ Մարին Լu Փէն), Իտալիոյ (առաջնորդ՝ Մաթէօ Սալվինի), Հունգարիոյ (առաջնորդ՝ Վիքթոր Օրպան) ու Փոլոնիոյ (առաջնորդ՝ Եարոսլաւ Քազինսքի) մէջ, «հարուածած» կ՚ըլլայ Եւրոպական Միութիւնը, եւ յատկապէս՝ Գերմանիան, որոնցմէ կ՚ակնկալէ նիւթական աւելի լայն օժանդակութիւն ՆԱԹՕ-ի ծախսերուն։

Այս բոլորին վրայ, Մ. Նահանգներ անցեալ տարի քաշուելով Իրանի հետ կնքուած (13, 14 Յուլիս 2015) հիւլէական արտադրութեան դադրեցումի համաձայնագրէն, պատրուակելով, որ Պարսկաստան կը շարունակէ գաղտնօրէն իւրանիում արտադրել, միաժամանակ տնտեսական յաւելեալ պատժամիջոցներ ալ որդեգրելով այդ երկրին դէմ, նեղի մատնած է Եւրոպայի իր դաշնակիցները։ Ալ աւելի սրելով Միջին Արեւելքի կացութիւնը, անցեալ Մայիս 5-ին, օդանաւակիրներու խումբ մը առաքած է Պարսից ծոց, դիմագրաւելու համար իրանեան կարծեցեալ սպառնալիքներ։ Այս գծով, անցեալ Մայիս 15-ին, Ամերիկա կոչ ուղղեց իր հպատակներուն հեռանալ Իրանէն։ Բայց Պարսկաստանը Իրաք չէ, իր անցեալի պատմութեամբ ու ներկայի զօրութեամբ՝ տնտեսական, զինուորական թէ մշակութային։

Փակագիծի մէջ նշենք, թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն հինգ անդամներուն ու Գերմանիոյ՝ մէկ կողմէ, ու Պարսկաստանի միջեւ՝ միւս կողմէ, կնքուեցաւ համաձայնագիր մը, որ պիտի դադրեցնէր իւրանիումի եւ հիւլէական մասնիկներու արտադրութիւնը Իրանի կողմէ, փոխարէնը վերջ տալով Պարսկաստանի տնտեսական շրջափակումին (2009-էն իվեր)։

Տ. Թրամփի Ամերիկան դուրս ելաւ վերոյիշեալ համաձայնագրէն, միաժամանակ խստացնելով տնտեսական պատժամիջոցները։

Եւրոպական Միութեան երկիրները, ու գլխաւորաբար Գերմանիան, տնտեսական այլազան գործառնութիւններ եւ յատկապէս բնական կազի ներածումներ կատարելով Իրանէն, չեն ուզեր վերոյիշեալ համաձայնագիրը խզել, պատճառաբանելով որ խախտումներ չեն կատարուած Իրանի կողմէ։

Նկատի ունենալով իրերու միջազգային վերջին զարգացումները՝ քաղաքական, տնտեսական ու զինուորական մարզերէն ներս, մեծ երկիրներու իշխանութիւնները խոհեմութիւնը եւ իմաստութիւնը պիտի ունենան տրամաբանական, հաւասարակշռեալ քաղաքականութիւն մը որդեգրելու իրարու հանդէպ, լայնախոհ հասկացողութիւն որդեգրելով։

Մարդկային լայնատարած ողբերգութիւն պիտի յառաջանայ, եթէ շարունակուի անտեսուիլ ընդհանուր կացութեան ժխտական ընթացքը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին