Շուտով Զարթօնքի մեր սիրելի ու յարգելի ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք Մերսինի ՀԲԸՄի որբանոցին նուիրուած ուսումնասիրութիւն մը, որ կը վերաբերի որբանոցայիններուն ամբողջական անուանացանկին: Առանձինն պիտի տրուին որբանոցայիններուն կենսագրական մանրամասնութիւնները: Տուեալները կ’ընդգրկեն որբանոցայիններուն ծնողական-ընտանեկան, ծննդավայրի, տարիքային, աքսորավայրի, որբանոց ընդունման եւ այլ մանրամասնութիւններ: Վստահ ենք, ուշադիր ընթերցողը պիտի հանդիպի իրեն ծանօթ անուններու: Ապագային ան ըստ մեր յանձնառութեան, պիտի հրատարակուի, որպէս «Զարթօնք Մատենաշար»ի գիրք:
«Խմբ.»






