Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Ընկ. Արա Ահարոնեանի այցելութիւնը Քարվաճառ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նոր Շահումեան շրջանի մարզպետ՝ Գագիկ Կիրակոսեանի հրաւէրով, Երկուշաբթի 27 Մայիսին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկեր Արա Ահարոնեան մեկնեցաւ Քարվաճառ։

1994-էն իվեր, Քարվաճառի լեռնային բարձունքը դարձած է հայաբնակ, Նոր Շահումեան մարզի գիւղաբնակչութեան որպէս վարչական կեդրոն ծառայելով։

Քարվաճառի մարզպետարանէն ներս ընկեր Ահարոնեան դիմաւորուեցաւ մարզպետ Մարտիրոսեանի եւ օգնական Պօղոս Մեղրեանի կողմէ։

Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին, ընկեր Ահարոնեան մօտէն ծանօթացաւ Նոր Շահումեանի շրջանէն ներս բնակութեան համար թափուած ճիգերուն։ Պէտք է ըսել, որ շրջանը աւելի այցելուներ ունեցած է Վարդենիս-Մարտակերտ նոր ճանապարհի բացումէն ետք, ուր այցելուները նաեւ առիթը կ՚ունենան այցելելու մօտակայ պատմական արժէք ունեցող Գատի վանքը։ Իսկ Քարվաճառի մէջ արդէն գոյութիւն ունի ամենօրեայ վարժարան եւ դարմանատուն մը, շրջանի 3,000 բնակչութեան համար, ինչպէս նաեւ նորոգման կարօտ գեղարուեստի կեդրոն մը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին