«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Խորհրդարանի Ելեւմուտքի եւ պիւտճէի խորհրդարանական յանձնախումբը, Հինգշաբթի երեկոյեան սկսաւ այս շաբթուան իր ութերորդ նիստը, որ նուիրուած է 2019-ի պետական պիւտճէի ուսումնասիրութեան, անիկա պիտի անդրադառնայ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, նախարարներու եւ երեսփոխաններու աշխատավարձերուն:
Առաւօտեան նիստին ժամանակ՝ յանձնախումբը հաւանութիւն տուաւ պիւտճէի 45-րդ յօդուածին, որ կը բարձրացնէ օտարերկրացիներու համար աշխատանքային արտօնութիւններուն վարձքերը: Այս մասին, հանդիպումէն ետք, յայտարարեց յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան: Ան ըսաւ, որ պաղեստինցիները եւ սուրիացիները հարկերէն զերծ չեն մնացած, ինչպէս առաջարկուած էր:
«Պիւտճէի իւրաքանչիւր յօդուած, որ կապուած է պետութեան համար եկամուտներու ապահովման հետ, այլընտրանքով մը պիտի փոխհատուցուի՝ երեսփոխաններու առաջարկներուն հիման վրայ՝ երբ նախագիծը փոխանցուի ընդհանուր ժողովին»,- ըսաւ Քանաան։
Երեսփոխանները հաստատեցին 44-րդ յօդուածը, որ կ՝աւելցնէ փոխադրամիջոցներու հետ կապուած շարք մը տուրքեր, ինչպէս վարորդական փորձերու համար վճարումները, 46-րդ յօդուածը, որ տուգանք կը սահմանէ աշխատանքային օրէնսդրութիւնը խախտող օտարերկրացիներու ընտանիքներու անդամներուն, իսկ 47-րդ յօդուածը, որ կ՝աւելցնէ Պէյրութի օդակայանէն ուղեւորներուն համար նախատեսուած վճարումները:
Ըստ Քանաանի՝ 48-րդ եւ 49-րդ յօդուածները, որոնք պէտք է փոխհատուցեն եկամտային հարկերը, պիտի ուսումնասիրուին յետագային՝ այլ յօդուածներու կողքին` «միատարր տեսլական» ստեղծելու համար:
Չորեքշաբթի օր հաւանութեան արժանացած յօդուածներուն մէջ ներառուած են դրամատնային աւանդներու տոկոսադրոյքներու գծով հարկերու բարձրացումը` 3 տարուայ ընթացքին 7-10 տոկոսով:
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի պակասուրդը նուազեցնելու նպատակով՝ 2019-ի պիւտճէն, ինչպէս հաստատուեցաւ կառավարութեան կողմէ, կը սահմանէ շարք մը խիստ միջոցներ, ներառեալ հարկերու աճը եւ պետական ծախսերու կրճատումը, ինչպէս՝ պետական հատուածի նպաստներու եւ կենսաթոշակներու կրճատումը:






