Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նաերկ արքեպիսկոպոսի, կիրակի 9 յունիսին Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք։ Պատարագը մատուցեց սրբազան հայրը, որ իր քարոզին մէջ յայտնեց, թէ Հոգեգալուստը եկեղեցւոյ պատմութեան եւ կեանքին մէջ այն դարձակէտը եղաւ, երբ յուսահատած եւ տկարացած առաքեալներ եւ հաւատացեալներ անգամ մը եւս սուրբ հոգիով լեցուեցան եւ գիտակից դարձան թէ աստուածային զօրութիւնը զիրենք պիտի առաջնորդէ իրենց հաւատքը քաջաբար յայտարարելու եւ տարածելու աշխարհի չորս կողմերը։ «Հոգեգալուստը եղաւ հոգեդարձի օր։ Հաւատացեալներ իրենց հոգիներուն մէջ անգամ մը եւս անդրադարձան թէ երբ սուրբ հոգիով կը զօրանան, սուրբ երրորդութիւնը կ՛առաջնորդէ զիրենք ամէն տեղ, որպէսզի վկաները դառնան Քրիստոսի, որ իր հերթին աշխարհ գալով մարդոց ցոյց տուաւ, թէ ինչ կը նշանակէ վկայել Աստուծոյ մասին» հաստատեց առաջնորդ սրբազանը աւելցնելով, որ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բաթողիմէոս առաքեալները ստացան Ս. հոգին եւ Հայաստան գալով քարոզեցին հայ ժողովուրդին եւ տառապեցան, չարչարուեցան, հալածուեցան, նահատակուեցան Հայաստանի մէջ եւ մեզի տուին Աստուծոյ գերագոյն սիրոյն հատիկները, որպէսզի մենք զանոնք մեր հայրենի հողին մէջ ցանենք, մշակենք եւ անոնց հունձքը վայելենք։ Սրբազանը ըսաւ, որ այս դէպքը պատահեցաւ Ա. դարուն եւ անկէ վերջ հայ ժողովուրդը դարձաւ Աստուծոյ հաւատարիմ աշակերտը եւ համարձակ վկան, որովհետեւ Ս. հոգիին ուժականութիւնը ոչ թէ միայն մեզ դարձուց քրիստոնեայ, այլ՝ շաղախուեցաւ մեր ինքնութեան, մշակոյթին, հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներուն հետ եւ դարձաւ հայ քրիստոնէական ինքնութիւն եւ կեանք, դարձաւ հայուն իւրայատուկ հրաշք, որով մենք դիմացանք բոլոր դարերու տագնապներուն եւ դժուարութիւններուն եւ յաղթահարեցինք զանոնք եւ վերածեցինք ստեղծագործական թռիչքի։ Շարունակելով իր խօսքը սրբազան հայրը ըսաւ, որ Հոգեգալուստը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ մնաց մնայուն վերանորոգութեան աղբիւր աւելցնելով, որ Ս. հոգին միշտ ներգործեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն կենաքին մէջ, անհատական, ընտանեկան եւ ազգային մակարդակներու վրայ։ Ան բացատրեց, որ Ս. հոգին մենք ստացանք մեր մկրտութեամբ, հայ եկեղեցւոյ սուրբ աւազանէն եւ Ս. հոգւոյն կնիքը եւ պաշտպանութիւնը վայելեցինք հայուն սրբալոյս միւռոնի կնիքով, եւ այդպէս ապրեցանք ու կը շարունակենք ապրիլ Հայաստանի, Արցախի մէջ եւ աշխարհի ամբողջ տարածքին։ «Այսօր ուր որ երթանք կը տեսնենք հայ ժողովուրդի զաւակները, որ հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու համախմբուած են մեր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն եւ ակումբներուն շուրջ։ Այս է հայ ըլլալու յատկանիշը։ Ուր որ գտնուինք, ինչ պայմաններու մէջ ալ ըլլանք, ապրինք մեր անձէն վեր, մեր անձէն անդին, մեր եկեղեցիին, դպրոցին, ակումբին հետ, մասնակցինք մեր հաւաքական կեանքին եւ այդ մասնակցութեամբ խորապէս գիտակցինք, թէ մենք պարտականութիւն չէ որ կը կատարենք, այլ՝ մեր հայ ըլլալու գոյութեան ապահովութիւնը կը ցուցաբերենք» հաստատեց սրբազան հայրթ շեշտելով, որ հայ ըլլալը բնաւ դիւրին չէ եղած, սակայն հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն, մենք կրցած ենք հերոսաբար յաղթահարել զանոնք եւ շարունակել մեր հայ ըլլալու ճանապարհը։ «Մեզմէ առաջ սերունդ մը Թրիփոլիի մէջ կառուցեց այս եկեղեցին, նաեւ դպրոցը եւ ակումբը։ Զարկ տուաւ մեր հայեցի, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ միութիւներուն։ Այսօր մենք նոյն նախանձախնդրութեամբ, հաւատքով եւ կապուածութեամբ կը շարունակենք այդ առաքելութիւնը, որովհետեւ ունինք ոգին, հաւատքը, ապագայի տեսիլքը եւ քաջութիւնը դիմագրաւելու այսօրուան մարտահրաւէրները» ըսաւ, սրբազան հայրը եւ եզրափակելով իր խօսքը իր բարձր գնատահանքը յայտնեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ, եկեղեցւոյ, դպրոցին եւ ակումբին շուրջ համախմբուած Թրիփոլիի հայութեան։
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք։
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ «Տիրամայր Սեդա Գափրիէլեան-Խաչերեան» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն։ Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ հովիւ Սամուէլ քհնյ. Աճէմեան խօսք առնելով նկատել տուաւ, որ պատահական չէ սրբազան հօր ներկայութիւնը, որովհետեւ որպէս Սուրբ Հոգւոյ պատգամաւոր ինք եկաւ որպէսզի ինչպէս որ վերնատան մէջ Քրիստոս իր աշակերտներուն ղրկեց Սուրբ Հոգին, նոյնպէս ալ այսօր սրբազան հայրը բաշխէ մեզի Սուրբ Հոգիին շնորհքները իր օրհնութեան ճամբով աւելցնելով, որ սրբազան հօր ներկայութիւնը առաւել եւս ուժ, կորով եւ հաւատք կու տայ մեր կեանքը շարունակելու դէպի աւելի լաւը։ Ան մաղթեց, որ սրբազան հայրը միշտ այցելէ շրջան, որպէսզի իրենց կամքը, կորովն ու հաւատքը յարատեւ վերանորոգութեան մէջ ըլլայ։
Գեղարուեստական յայտագիրով իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի աշակերտներ Աբրահամ Արէճեան, Էնժի Մազմանեան եւ Լուսին Մկըրեան, որոնք մեկնաբանեցին խմբային արտասանութիւն մը։
Սրբազան հայրը իր կարգին գոհունակութիւն յայտնեց, թէ Թրիփոլիի մէջ եկեղեցւոյ, դպրոցի, նաեւ միութիւններու եւ մարմիններու պատասխանատուները միասնաբար նոյն նպատակին համար կը ծառայեն, կ՛աշխատին, կ՛աղօթեն, կը սորվեցնեն, կը պայքարին եւ այսպէս պիտի շարունակեն։ «Երբ քով քովի կու գանք, կը զգանք, որ մենք մեզի համար չենք ապրիր, այլ՝ կ՛ապրինք մեր հայրենիքին, հայութեան, Աստուծոյ, պատմութեան եւ մեր ապագային համար» շեշտեց սրբազան հայրը աւելցնելով, որ Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի աշակերտներու մասնակցութիւնը մեր հայ ոգին, մեր կապուածութիւնը, նուիրումը, զոհողութիւնը ցոյց կու տան։ Եզրափակելով իր սրտի խօսքը սրբազան հայրը կոչ ուղղեց բոլորին հաւաքական աշխատանքով շարունակելու իրենց կեանքը, իրենց աշխատանքը եւ իրենց նուիրումը։
Այնուհետեւ թաղականութիւնը սրբազան հօր նուիրեց իր դիմանկարը, որ գծագրուած էր Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի գծագրութեան ուսուցչուհիին կողմէ։
Ապա «Բերդավայր» կոմիտէութեան «Նաւասարդ» ակումբի սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ թաղականութեան անունով խօսք առաւ Ազգային երեսփոխան տոքթ. Ֆիլիփ Բարակասեան։ Ան ըսաւ, որ Թրիփոլիի մէջ բոլորը երախտապարտ են սրբազան հօր տարած ազգանուէր գործունէութեան եւ իր ցուցաբերած հոգատարութեան համար գաղութին նկատմամբ։ Ան գնահատեց եկեղեցւոյ հովիւ Սամուէլ քհնյ. Աճէմեանը շրջանին մէջ իր տարած գործունէութեան համար, նաեւ եկեղեցւոյ ընտանիքը եւ շրջանի կոմիտէութիւնը։ Ան յիշեց մեր ազգի նուիրեալ զաւակները, որոնք ինքնակամ ծառայած են Թրիփոլիի բարգաւաճման, գոյատեւման, նաեւ ազգապահպանման սուրբ գործին վառ պահելով մեր ապագայ սերունդին մէջ հայ լեզուն եւ մշակոյթը։ «Բոլորս քաջատեղեակ ենք այս օրերուն ներքաղաքական ծանր վիճակին՝ ապահովական, տնտեսական, սակայն այս բոլորը մեզի ուժ կուտայ որպէս հայ շրջանիս փոքրիկ գաղութին մէջ, համախմբուելու մեր ազգային արժէքներուն շուրջ, պահպանելով մեր ազգային կառոյցները՝ փլուզումէ եւ մշակոյթը՝ օտարանալէ» հաստատեց տոքթ. Ֆիլիփ Բարակասեան աւելցնելով, որ հակառակ շրջանի փոքր ըլլալուն, անոր ազգանուէր զաւակներուն կամքը եւ պայքարելու ոգին եւ սէրը մեծ է՝ գոյատեւման համար դարերէն եկած մեր ազգանուէր գործունէութեան շարունակութեան։ Ան շեշտեց, որ Թրիփոլիի գաղութի գոյատեւումը կը նշանակէ մեր ազգի գոյատեւում եւ յառաջընթաց։
Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վարդ. Գուճանեան նկատել տուաւ, որ նման սիրոյ սեղաններ մեզ հեռու կը պահեն այն մտահոգութենէն, որ մենք ձգած ենք մեր ընտանիքները եւ եկած՝ ժողովուրդին ծառայելու, որովհետեւ ժողովուրդը մեզի համար եղած է ընտանիք եւ նոյն գաղափարով, սիրով եւ պատրաստակամութեամբ կը ծառայենք մեր սիրելի ժողովուրդին։ «Սրբազան հօր առաջնորդ ընտրուելէն ի վեր, այն թափը, այն եռանդը, այն սէրը, այն յարգանքը եւ նուիրուածութիւնը ժողովուրդին հանդէպ աւելի շեշտուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմէն ներս, որովհետեւ սրբազանը արժէք տուաւ մեծին եւ փոքրին, հոգեւորականին, աշխատաւորին, պաշտօնեային, հոգեւորականին եւ բոլորին, այլ խօսքով բոլորս որպէս մարդ զգացինք, որ մէկը կայ որ կը հետաքրքրուի մեզմով եւ կը գուրգուրայ որպէս հայր» հաստատեց Անանիա ծ. վարդ. Գուճանեան ուրախութիւն յայտնելով, որ Թրիփոլիի համայնքը նոյն այդ գուրգուրանքը, մտերմութիւնը եւ հոգեհարազատութիւնը ցոյց տուաւ։