«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան Յունիսի 13-ին խորհրդակցութիւն անցուցած է «Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտի» ներկայացուցիչներուն հետ:
Ինչպէս կը յայտնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակը, հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է ՀՀ կառավարութեան ծրագրին համահունչ հիմնադրամի ռազմավարական գերակայութիւններու մշակման: Տեղի ունեցած է քննարկում՝ արտահանման խթանման, վերամշակուող ուժանիւթերու, ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ շարք մը այլ ուղղութիւններով նոր ներդրումներու ներգրաւման հնարաւորութիւններու վերաբերեալ:






