Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Զոհրապ Մնացականեան Պրիւքսելի Մէջ Հանդիպած է Ֆետերիքա Մոկերինիի Հետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան Պրիւքսելի մէջ հանդիպած է ԵՄ բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին «ֆէյսպուք»-ի իր էջին մէջ գրած է նախարարի մամուլի խօսնակ Աննա Նաղտալեան:

«Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպած է Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոյանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ` Հայաստան-ԵՄ Գործընկերութեան խորհուրդի 2-րդ նիստի նախօրէին»,- գրած է ան։

Արտաքին գործոց  նախարար Զոհրապ Մնացականեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցով Պրիւքսել կը գտնուի` մասնակցելու Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան խորհուրդի երկրորդ նիստին, զոր պիտի վարեն ՀՀ ԱԳ նախարարը եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինին: Խորհուրդի նիստի արդիւնքներով Մնացականեան եւ Մոկերինի հանդէս պիտի գան համատեղ մամուլի ասուլիսով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին