Քալիֆորնիա
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Տարիներէ ի վեր, կարգ մը ընկերներու եւ բարեկամներու հետ միատեղ, յաճախակի կ՚այցելենք Քալիֆորնիոյ «Ինէօ քաունթի» կոչուած գաւառին մէջ գտնուող բանակումի մի քանի վայրեր: Այս շրջանը կը գտնուի Քալիֆորնիոյ թիւ 395 ազատուղիի հիւսիսային բաժնին մէջ: Թիւ 395 ազատուղին կարծէք դանակի հարուածով մը բաժնած է երկու լեռնաշղթաներ, մին՝ «Մաունթ Ուիթնի» բարձունքով լեռնաշղթան, իսկ միւսն ալ՝ Քալիֆորնիոյ լեռնային արեւելեան լեռնաշղթան: Բազմիցս այդ դատարկ, ամայի եւ անապատացած անապատին մէջէն ժամեր ու ժամեր ինքնաշարժով անցնելու ժամանակ մտածած եմ, թէ երանի այս հողաշերտերը հայուն տային եւ տես թէ ի՜նչ հրաշքներ կը գործէին անոնք: Ինչպիսի՜ պալատներ եւ տուներ կը սարքէին ու ջուր կը հասցնէին այս անապատ դարձած վայրերուն մէջ: Իրականութիւնը սակայն… այդպէս էր ժամանակին:
Թիւ 395 ազատուղին անշուշտ շարունակութիւնն է Քալիֆորնիոյ թիւ 14 ազատուղիին, դէպի հիւսիս, որ կը սկսի Լոս Անճելըսի հիւսիսը գտնուող Փալմտէյլ քաղաքէն, սկիզբ հանդիսանալով նշանաւոր Մոհաւի անապատին եւ կ՚երկարաձգուի մինչեւ հիւսիսային Քալիֆորնիոյ սահմանները, Լէյք Թահօ կոչուած քաղաքը:
Հակառակ դաշտերու խղճալի անապատային վիճակին, բարձունքներու վրայ գտնուող քաղաքները, զբօսավայրերը եւ բանակավայրերը տակաւին կը պահպանուին պետական հսկողութեան ներքեւ, բնութեան ամենազօր գութին տակ, սքանչելի անաղարտութեամբ եւ մաքուր հոգատարութեամբ: Բնութիւնը այնտեղ, իսկական բնութիւնն է, բարձրացած ամէնքէն վերեւ, իր հզօր տիրապետութեամբ եւ թելադրութեամբ:
Լեռնային գագաթները, յարատեւ ձիւնածածկ են 14 հազար ոտքի վրայ, իսկ աւելի նուազ մակարդակի բարձունքները, դժուար հասանելի են անփորձառու եւ վատառողջ անձերու համար, որովհետեւ այնտեղ՝ թթուածինի պակասը խիստ զգալի է: Այդ բարձունքները հարուստ են լիճերով, գետակներով, առուներով եւ ջրվէժներով որոնք տարուան 12 ամիսներու ընթացքին, յարատեւօրէն, իրենց սառցանման ջուրերով կ՚ոռոգեն ճանապարհի եզրերը գտնուող, անապատէն փրկուած դաշտերն ու արօտները, հասնելու համար իրենց «սահմանուած», արուեստականօրէն կառուցուած ամբարտակները, լիճերն ու ջրուղիները, որոնց միջոցաւ այդ ջուրերը մեր սիրելի Լոս Անճելըս քաղաքը կը հասցնեն որպէսզի… կարգ մը մարդիկ, շփացած ու յղփացած, առատօրէն գործածեն զայն…:
ժամանակին, այո՛ մեր ժամանակէն առաջ, երկու լեռնաշղթաներուն միջեւ գտնուող այդ անապատ դարձած դաշտերը, բարեբեր էին, ուր կ՚ապրէին բնիկ հնդիկներու ցեղախումբեր՝ Շոշոններ, Մոնոներ, Քոսոներ, Թիմպիսաներ, Քաուաիսու հնդիկներ եւ ներգաղթած եւրոպացի եւ այլազգի հողագործեր: Այնտեղ կային արօտավայրեր եւ բերքառատ ցանքերու դաշտեր: Կ՚ապրէր ստեղծագործ ժողովուրդ մը, խաղաղ ու հանդարտ, իր ստեղծած եւ կառուցած քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ: Իսկ այժմ, այդ վայրերը վերածուած են մեր այսօրուան տեսած… անապատներուն, շնորհիւ՝ անշարժ գոյքի (կալուածներու) շահարկման մոլուցքով տարուած ագահ բռնատէրերու եւ ինքզինքնին այս երկրին տէր ու տիրական հռչակած խմբակներուն, որոնք ժամանակին՝ որոշեցին Լոս Անճելըս անունով գիւղաքաղաք մը հսկայական քաղաքի վերածել, այս վայրերուն արեան գնով, եւ… յաջողեցան: Զրկեցին տեղացի ժողովուրդը իր կեանքի կենսական ջուրէն, պատճառ դառնալով անոնց չքաւորութեան, որ զարկ տուաւ անոնց գաղթին եւ աստիճանաբար՝ անոնց անհետացման, իրենց թողելով չնչին, փոքր մասնիկ մը միայն այդ հսկայ դաշտավայրերէն, որոնք բնութեան հրաշքով, կ՚ոռոգուին «Ջուրի եւ հոսանքի» ընկերութեան սահմանած ջրուղիներէն փախուստ տուած առուակներով : Միշտ այդպէս եղած է ամէնուրեք, առանց մարդկային արժէքը նկատի առնելու:
***
Կը վերադառնանք Լէյք Թահոյէն, որ տակաւին կանգուն է եւ շրջանի ջրաբաշխ ամբարն է: Այս շրջանը տակաւին կը վայելէ պետական հոգատարութիւն, նկատի առնելով շրջանի բնակութեան եւ զբօսաշրջիկութեան կարեւորութիւնը:
Մինչեւ Լոս Անճելըս պիտի անցնինք մօտաւորապէս երկոտասնեակ մը լիճերու կողքէն, որոնց մեծ մասը արդէն չորցած է, թողելով քարքարոտ հուներ ու արահետներ, որոնք յուշակոթողներու նման կանգուն կը մնան, կարծէք այդ անձանց յիշեցնելու համար թէ՝ «տեսէ՛ք, ի՞նչ ըրիք»: Հսկայական տարածութեամբ, ճամբու վրայ գտնուող Մոնօ լիճը, որ աղիացած էր արտաքին հոսք չունենալուն պատճառով, Լոս Անճելըսի «Ջուրի եւ հոսանքի» հաստատութիւնը որոշած էր անտեսել այդ լիճը, զայն քամելէ ետք (Քորփորէյշըններու կանոնագիրն է այս): Այս լիճը այժմ կը նմանի անապատին մէջ երեւացող աւազակոյտի տեսիլքի մը, մի քանի տեղ կղզիացած ջուրերով եւ ցցուն մնացած ժայռերով ու ծառերու չորցած կոճղերով: (Չենք գիտեր եթէ այս տարուան անձրեւներն ու տեղացած ձիւնը իրենց բարեբեր արդիւնքը պիտի շնորհեն այս լիճին եւ համայն Քալիֆորնիոյ)։
Կը հասնինք Օուէնզ լիճ եւ գետ, որոնց կողքին կը հանդիպինք մի քանի համեստ պանդոկներու, տնակներու եւ խրճիթներու: Այստեղ զբօսաշրջիկութիւնը քաջալերուած է, որովհետեւ լիճը պահած է իր գոյութեան մէկ փոքր մասը միայն, հակառակ իրմէ դուրս հոսած ջուրին առատութեան, որ… կը տանի դէպի Լոս Անճելըս ուղղուած ջրուղիներուն, որոնց ցանկապատուած դռներուն վրայ կը փայլփլի «Մուտքը խստիւ արգիլուած է» ազդը եւ խիստ հսկողութեան ներքեւ է: Սակայն զգալի է լիճին չորցած մակերեսի տարածութեան ահաւոր երեւոյթը, ուր քամին լիճին չորցած փոշին կը շպրտէ ճամբուն վրայ կամ անցորդներուն:
Մօտաւորապէս կէս ճամբան ենք արդէն 440 մղոն ճամբորդութեան, երբ որոշեցինք հանգստանալ մեր սովորական դարձած բանակավայրերէն մէկուն մէջ, որ կը գտնուի Ուիթնի լեռան 8,600 ոտք բարձրութեան վրայ: Ճամբան շեղելով բարձրացանք դէպի լեռ: Ոլոր-մոլոր ճանապարհ մը, որուն եզրէն որեւէ սայթաքում անտարակոյս մահացու պիտի ըլլար: Բայց որովհետեւ ծանօթ էինք ճանապարհին, Լիբանանի մեր լեռնային ճանապարհներու փորձառութեամբ, անվթար տեղ հասանք: Մայրիներու բոյրը, այդ բարձունքի զով ու անդորր մթնոլորտը, բանակավայրին կողքէն հոսող փրփրած առուին ձայնը եւ բազմազան թռչուններու գեղգեղանքը տիրած էին ամէնուրեք, խզելով բնութեան այդ լռութիւնը:
Ժայռոտ լեռներու միջեւ հիւսուած այս անցքը որ կ՚անցնէր լեռան կողքէն, կարծէք շեղբով բաժնած ըլլար այդ ժեռուտ լեռը: Բնութեան գիրկին մէջ ծուարած այս բանակավայրը, որ է՛ նաեւ լեռնագնացներու հրապուրիչ վայրը, տարուան 9 ամիսները զբաղուած է, եթէ կանխաւ ապահոված չես բանակումի վայր մը: Բայց, մի քանի ժամուան համար, հիւրընկալ էր եւ օդը՝ ներող:
Իջանք ներքեւ, մեր ճամբան շարունակելու համար դէպի տուն: Կը նմանէինք ամռան օդին զովացուած սրահէն դէպի փողոց ելած անձի մը վիճակին: Բայց պէտք էր տուն վերադառնայինք:
395 ազատուղիի կողքին հոսած առուներու եւ գետակներու արահետները նշմարելի են իրենց կանաչ գիծերով, որոնք կը սկսին լեռան գագաթէն եւ կ՚անհետանան ճամբուն եզրին գտնուած քարաշէն աւազանի մը մէջ կամ կը շարունակեն իրենց ճանապարհը դէպի այն լիճերը որոնք մեր նշած ամբարտակներն են: Տեղացիներու բնակավայրերը արդէն ամփոփուած են այդ ջուրի արահետներու կողքերուն: Հեռուէն, ճամբու աջին կամ ձախին, արդէն կը նշմարուին այդ արհեստածին փոքր լիճերն ու ամբարտակները, որոնց մեծ մասը դարձած է ջուրի զբօսավայր, բանակավայր կամ հանգստեան վայր: Մէկ խօսքով՝ «Թէ՛ առեւտուր եւ թէ՛ զբօսանք մէկ տեղով»:
Մինչեւ այստեղ, քիչ թէ շատ տանելի էր ճամբուն միօրինակութիւնն ու ամայութիւնը: Մնացեալը… արդէն տաղտկալի էր: Կ՚անցնինք Լոն Փայն քաղաքէն ու կը մտնենք իսկապէ՛ս անապատ: Մոհավի անապատ: Մինչեւ այստեղ, լեռներու կողքին կային, հովիտներու առանցքին, բազմաթիւ բանակավայրեր ու գետակներ, որոնք կը զարդարէին լեռան կողքերը հոսելով դէպի նշուած լիճերը: Սակայն այլեւս, լերկ եւ չոր անապատ էր, ուր քամին ազատ ու անսանձ կը սուրար մէյ մը այս մէյ մը այն լեռնաշղթան, ճամբան ողողելով փոշիով եւ չորցած բոյսերու մնացորդներով: Ազատուղիին այս բաժինը նշանաւոր է իր «քամիի առանցք» կոչումով: Ամառուան շոգը աներեւակայելի էր, երբ պատահաբար ինքնաշարժին պատուհանը կը բացուէր: Իսկ տեղի բնակիչները ինչպէ՞ս կ՚ապրին այստեղ կամ՝ կ՚ապրէին այստեղ, կը մտածեմ: Բայց անմիջապէս կը պատասխանեմ ես ինծի, չէ՞ որ ժամանակին այստեղ ջուր կար, կանաչ մարգեր կային եւ բնակութիւն, մասնաւորապէս՝ բնիկ հնդիկ ցեղեր:
***
Շատերուս հետ հաւանաբար պատահած է դէպի Լաս Վեկաս ճամբորդութեան տաղտուկը, ինքնաշարժին զովացուցիչը անջատուած կամ խանգարուած պարագային: Երեւակայեցէ՛ք այդ նոյն պարագան մեր յաջորդ երկու ժամուան ճամբորդութեան ընթացքին, որովհետեւ պէտք էր անցնէինք Մոհավի անապատէն: Բարեբախտաբար, մեր վարած ինքնաշարժը օժտուած էր այդ զովացուցիչ սարքով:
Ճամբուն եզրին շատ պատահական է տեսնել աւերակ տնակներ, խրճիթներ, ճաշարաններ, պանդոկներ, գոմեր եւ ինչու չէ, նոյնիսկ փառահեղ տուներու աւերակներ, որոնք ժամանակին, հաւանաբար այդտեղ կ՚ապրէին կամ փորձած էին ճամբու եզրին հանգստեան վայրեր ստեղծել՝ ապարդիւն ջանքերով:
Ճամբան կը շարունակէր իր ոլոր-մոլոր ընթացքը տափարակ դաշտին մէջէն, մերթ ընդ մերթ անցնելով աւազակոյտերու նեղանցքէն կամ լքուած գիւղէ մը կամ բնակավայրի մը աւերակներէն: Բայց անապատը կը մնար անապատ: Իսկ հորիզոնը յագեցած էր գոլորշիացած օդի ամպերով, որոնք մառախուղի տպաւորութիւնը կը թողէին հեռուէն:
Շատ անյարմար կացութեան կը մատնուիս երբ ճամբորդութեան ընթացքին չունիս ընկեր կամ ընկերակից, անոր հետ զրուցելու կամ քաղաքականութիւն «ջարդելու» համար: Որովհետեւ, միակ քեզ արթուն պահող նիւթը այդ կը հանդիսանայ, առանց անպայման կողմնակից ըլլալու այս կամ այն ճիւղին կամ կողմին:
Վերջապէ՜ս հասանք Լենքեսթըր քաղաք: Կարծէք փրկուած ըլլայինք անապատէն: Բայց… տակաւին անապատի մէջ էինք: Ճամբան անցանք «շինծու» քաղաքէ մը որ կը կոչուէր Քալիֆորնիա Սիթի: Դժուարութեամբ պատառ մը հաց կուլ տալու տպաւորութիւնը ունի այս քաղաքը: Մոհավի անապատին մէջտեղ, անգործածելի, հինցած կամ խանգարուած օդանաւերու «գերեզմանոց» կոչուած վայրին մօտ կառուցուած քաղաք մը, որ ժամանակին շատ չնչին գումարով կարգ մը անշարժ գոյքի եւ կալուածի վաճառական վարպետներ, կը ջանային ժողովուրդին կոկորդէն կլլեցնել հողաշերտեր, ոչինչէն քաղաք ստեղծելու հնարամտութեամբ: Այս քաղաքը ո՛չ ջուր ունէր ո՛չ այլ հիմք: Պարզապէս տափարակ անապատ: Սակայն այդպիսով, ստեղծեցին քաղաք մը: Հիմնեցին դպրոց մը, փիցցայի, հեմպրկըրի քանի մը ճաշարաններ, ջուր հասցուցին այնտեղ եւ ահա՛ ձեզի քաղաք: Ու կարգ մը մարդոց խաբկանքո՞վ թէ՝ այլ, չենք գիտեր, մարդիկ խուժեցին այնտեղ կարծէք ոսկիի հանքեր յայտնաբերուած էին: Խաբկանքը անշուշտ տեղի տուաւ յաջորդ տարիներուն:
Լենքեսթըր զովացուցիչներով քիչ մը հանգստանալէ ետք, շարուակեցինք մեր ճանապարհը անցնելով Փալմտէյլ քաղաքէն հասնելու համար մեր սիրելի Լոս Անճելըսը:
***
Ժամանակին, կրկին ըսելով ժամանակին, այս վերջին քաղաքը պիտի դառնար Լոս Անճելըսի շրջանի միջազգային օդակայանի կեդրոն: Վա՜յ այն անձերուն որոնք տարուեցան այդ սին երազով, խաբուեցան եւ կորսնցուցին: Իսկ այսօր, այս վերջին երկու քաղաքները կը զարգանան իրենց բնակչութեամբ, շնորհիւ անշարժ գոյքի եւ կալուածներու վաճառականներուն, որոնք հնարը գտան հրապուրելու միջակ եւ աղքատ դասակարգի ժողովուրդներ, որոնց հետ ժամանեց նաեւ անօրինութիւնն ու անկարգութիւնը:
Հասած էինք մեր տուները ապահով եւ հանգիստ, թէեւ՝ յոգնած: Բայց ճանապարհ էր որ կտրեցինք 9 ժամով: Եւ ի՞նչ ճանապարհ:
Կը մտածեմ: Արդեօք այդտեղի ժողովուրդը ո՞ւր գաղթեց: Քաջ գիտեմ, թէ բնիկ միջին եւ տարեց հնդիկները չեն գաղթած մեծամասնութեամբ: Անոնք մինչեւ այսօր կառչած կը մնան իրենց հողերուն, ամառ թէ ձմեռ: Բայց ինչպէ՞ս կ՚ապրին անոնք այդ անապատներուն մէջ, երբ իրենց աչքերուն առաջ, իրենցմէ խլուեցաւ կեանքի ամենաթանկագին ապրուստի միջոցը, ջուրը:
Բնիկ հնդիկը այսօր, ի տես այդ չորցած լիճերուն, գետերուն եւ առուներուն, անկարող ամոքելու այդ ցաւը, կը նշէ՝ «մենք կը փափաքինք որ մարդիկ Լոս Անճելըսի եւ այլ քաղաքներու մէջ, սկսին մտածել այդ կենսատու ջուրին մասին»: Միտքէս կ՚ըսեմ. «կուտ լաք», այսինքն՝ «յաջողութիւն կը մաղթեմ»: Լոս Անճելըսի մէջ… մտածել այդ մասի՞ն, (եու կատը պի քիտտինկ մի), այսինքն՝ «իմ վրա՞յ կը ծիծաղիս»:
1932 թուին, մարգարտաշատ այդ այգիները, արօտավայրերը ու մրգաստանները, այսօր դարձած են անապատ, տեղ-տեղ արհեստական ովասիսներու ստեղծումով: Որքանո՞վ պիտի կշտանան, յագենան այդ անշարժ գոյքի շահարկողները, որոնք գիւղէ-գիւղ, քաղաքէ-քաղաք կը պտտին ման գալով նորանոր գաղթավայրեր ստեղծելու եւ ժողովուրդներու կործանումով հարստանալու համար:
Չե՞նք նշմարած վերջին տասնամեակներուն Քալիֆորնիոյ անշարժ գոյքերու, այսինքն՝ տուներու եւ կալուածներու արժէքներու աներեւակայելի բարձրացումը անտեղի կերպով, առանց որեւէ շօշափելի նիւթական պատճառի: Որո՞նք կ՚օգտուին այդ կարգավիճակէն զանց առնելով… պետութիւնը, որ արդէն ամէն մէկ քայլին նոր տուրք մը կը համագրէ ժողովուրդին վրայ: Ինչո՞ւ համար այդ նոյն Լոս Անճելըսի շրջանի կալուածը պիտի արժէ մէկ հինգերորդը կամ աւելի նուազ արժէքը մէկ այլ նահանգի մէջ: Չափ ու սահման չկա՞յ այս արշաւին:
Իսկ ի՞նչ կրնար պատահիլ, եթէ բնութիւնը օգնութեան չհասնէր մեզի այս տարուան իր առատ անձրեւներով, այդ բարձունքներու վրայ կուտակուած ձիւնով եւ լիճերը առաւել 40 ոտք բարձրութեամբ ջուր կորսնցնէին: Ջուրի փոխարէն ի՞նչ պիտի հասնէր Լոս Անճելըս:
Մտածենք այդ մասին:






