Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

Կառավարութեան Աշխատանքը Յաջորդ Շաբաթ Հունի Մէջ Կը Մտնէ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Կառավարութեան աշխատանքը հունի մէջ կը մտնէ յաջորդ շաբաթ։ Այս մասին Չորեքշաբթի յայտնեց վարչապետ Սաատ Հարիրի՝ Պաապտայի պալատին մէջ նախագահ Միշէլ Աունի հետ հանդիպումէ մը ետք։

Հարիրի ըսաւ, որ ինքն ու նախագահը համաձայնած են, որ կառավարութեան աշխատանքը պէտք է վերսկսի եւ արագացուի՝ արդիւնքի հասնելու համար:

Նախարարները վերջին անգամ հանդիպած են Մայիս 27-ին` հաստատելու համար 2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծը, որ այժմ կը քննարկուի խորհրդարանի ելեւմուտքի եւ պիւտճէի կոմիտէին կողմէ:

Կառավարութեան աշխատանքը դադրեցուած էր՝ Ֆիթրի տօնին եւ Հարիրիի արձակուրդին պատճառով:

Նախագահ Աունի հետ այս հանդիպումը տեղի ունեցաւ, որովհետեւ լարուածութիւն եղած էր Հարիրիի Ալ Մուսթաքպալ շարժման եւ Աունի Ազգային Ազատ հոսանքի, ինչպէս նաեւ Ալ Մուսթաքպալ եւ Յառաջադիմական-ընկերվար կուսակցութեան միջեւ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին