«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Կառավարութեան աշխատանքը հունի մէջ կը մտնէ յաջորդ շաբաթ։ Այս մասին Չորեքշաբթի յայտնեց վարչապետ Սաատ Հարիրի՝ Պաապտայի պալատին մէջ նախագահ Միշէլ Աունի հետ հանդիպումէ մը ետք։
Հարիրի ըսաւ, որ ինքն ու նախագահը համաձայնած են, որ կառավարութեան աշխատանքը պէտք է վերսկսի եւ արագացուի՝ արդիւնքի հասնելու համար:
Նախարարները վերջին անգամ հանդիպած են Մայիս 27-ին` հաստատելու համար 2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծը, որ այժմ կը քննարկուի խորհրդարանի ելեւմուտքի եւ պիւտճէի կոմիտէին կողմէ:
Կառավարութեան աշխատանքը դադրեցուած էր՝ Ֆիթրի տօնին եւ Հարիրիի արձակուրդին պատճառով:
Նախագահ Աունի հետ այս հանդիպումը տեղի ունեցաւ, որովհետեւ լարուածութիւն եղած էր Հարիրիի Ալ Մուսթաքպալ շարժման եւ Աունի Ազգային Ազատ հոսանքի, ինչպէս նաեւ Ալ Մուսթաքպալ եւ Յառաջադիմական-ընկերվար կուսակցութեան միջեւ:






