Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

Միջնակարգի (Պրէօվէի) Պետական Քննութիւնները Ընթացքի Մէջ Են, Մինչ Տոմս Չունեցող Աշակերտները Կը Բողոքեն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Չորեքշաբթի առաւօտեան միջնակարգ դպրոցներու հազարաւոր աշակերտներ սկսան դիմել Պրէօվէի պաշտօնական քննութիւնները, մինչ որոշ աշակերտներ կը բողոքէին՝ քննութեան համար պահանջուած տոմսերը չստանալու համար:

Ծնողներու եւ աշակերտներու բազմութիւն մը փորձեց մուտք գործել Կրթութեան նախարարութեան շէնք` դժգոհութիւն յայտնելու կրթութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի այն որոշման համար, ըստ որուն որոշ դպրոցներու աշակերտներուն քննութեան տոմսեր չէին յանձնուած ։

Նախարարութեան շէնքին դիմաց աշակերտներու բողոքի պահուն, նախարար Շեհայէպ հանդիպեցաւ նախագահի հետ, որմէ ետք յայտնեց, թէ աշակերտները տոմս չեն ստացած, որովհետեւ իրենց դպրոցները արտօնագրուած չեն եւ չեն կրցած նախարարութեան ներկայացնել իրենց թեկնածուներուն ցանկը:

Նախարարութեան աղբիւրը բացատրեց, որ ամէն տարի արտօնագրուած դպրոցները պէտք է ներկայացնեն նշեալ ցուցակը՝ մասնակցելու պաշտօնական քննութիւններուն: Սակայն, այս տարի, դպրոցները վերջնաժամկէտը չեն յարգած։

MTV-ի հեռատեսիլի հետ զրոյցի մը պահուն նախարարը նշեց, որ աշակերտներուն քննութեան ​​տոմսեր չտրամադրելու որոշումը քաղաքական բնոյթ չի կրեր:

 «Ես ներողութիւն կը խնդրեմ աշակերտներէն… ես խօսած եմ նախագահ Միշէլ Աունի հետ՝ այդ աշակերտներուն առիթ տալու քննութեան երկրորդ փուլին մասնակցելու»,- ըսաւ նախարար Շեհայէպ:

Նշենք, որ երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ ուշ ամրան եւ անիկա սովորաբար նախատեսուած է այն աշակերտներուն համար, որոնք չեն յաջողիր առաջին փուլին:

Աշակերտներու ձախողութեամբ մտահոգ ծնողներուն ի պատասխան՝ նախարարը յայտնեց, թէ անհրաժեշտ պարագային անոնց առիթ պիտի տրուի նոյնիսկ երրորդ փուլ անցնելու։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին