Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Նիզար Զաքա Պէյրութ Վերադարձաւ` Ազատ Արձակուելով Իրանական Բանտէն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի քաղաքացի Նիզար Զաքա, որ 2015-2019 թուականներուն բանտարկուած էր Իրանի մէջ, ազատ արձակուեցաւ եւ Երեքշաբթ օր ժամանեց Պէյրութ՝ ուղեկցութեամբ Լիբանանի Անվտանգութեան ղեկավար Ապպաս Իպրահիմի:

Ժամանումէն անմիջապէս ետք՝ Զաքա մեկնեցաւ Պաապայի պալատ, հանդիպելու նախագահ Միշէլ Աունի հետ, վերջինս ողջունեց զինք եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին, որ արձագանգած էր իր խնդրանքին եւ ազատ արձակած Զաքան:

Նախագահի հետ հանդիպումէն եւ պատրաստուած յայտարարութիւնը կարդալէն ետք՝ Զաքա ըսաւ,- «Շատ վերլուծումներ կարդացի ազատ արձակուելուս մասին: Նախաձեռնութիւնը ծնած էր Լիբանանի մէջ … եւ աւարտեցաւ Լիբանանի մէջ»:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին, վարչապետ Սաատ Հարիրինին եւ այլ պաշտօնեաներու, որոնք իրենց բաժին մասնակցութիւնը ունեցած էին իր ազատ արձակման մէջ:

Զաքա, որ իր ձերբակալութեան ժամանակ կը գտնուէր ԱՄՆ, 2015-ին, Իրանի պետական պաշտօնեայի մը կողմէ հրաւէր ստացած էր Թեհրանի մէջ կայանալիք խորհրդաժողովի մը մասնակցելու համար, սակայն անհետացած էր, իսկ լրատուամիջոցները յայտնած էին, թէ ան ձերբակալուած է ԱՄՆ-ի զինուած ուժերու եւ հետախուզական ծառայութիւններու հետ կապ ունենալու կասկածանքով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին