«Գաւառը» Լուսարձակի Տակ – 21 –
Վահան Անտոնեան
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
Տաշիր քաղաքը կը գտնուի Լոռիի Մարզի մէջ, Հայաստանի հիւսիսային կողմը։ Անիկա հիմնուած է 1844 թուականին եւ այժմ ունի 7800 բնակիչ: Վերջին երկու տարիներուն Տաշիրը բաւական արագ զարգացաւ շնորհիւ «Տաշիր Բարեգործական Հիմնադրամ»-ին, որ կը հովանաւորուի ռուսաստանաբնակ Կարապետեան ընտանիքին կողմէ: Հիմնադրամը այնտեղ կառուցեց մանկապարտէզ, դպրոց, հիւանդանոց, իսկ վերջերս ալ Մշակոյթի պալատ. Ծրագրուած էր գոյութիւն ունեցող հին Մշակոյթի Տունը վերանորոգել, սակայն մասնագէտները եկան այն եզրակացութեան, որ հին շէնքի հիմերը պիտանի չեն, հետեւաբար որոշուեցաւ ամբողջովին նորը կառուցել: Վերջերս այդ նորակառոյց պալատը յանձնուեցաւ շահագործման՝ բացման հանդիսաւոր արարողութեամբ, որուն ներկայ էին Տարածքային Կառավարման Նախարար Պր. Սուրէն Պապիկեանը, Լոռիի Մարզպետ Անտրէյ Ղուկասեանը, Վանաձորի քաղաքապետ Պր. Մամիկոն Ասլանեանը։ Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան դրուատեց Կարապետեան ընտանիքի ազգանուէր գործունէութիւնը, թուարկեց Կարապետեան ընտանիքի` ազգին նուիրած շինութիւնները մանկապարտէզէն մինչեւ մշակոյթի պալատ, անկախ երկրի իշխանութեան ու կուսակցութեան տեսակէն, ապա Տէրունական աղօթքով բացումը կատարեց նորակառոյց պալատին, ի ներկայութեան բազմահազար տաշիրցիներու։
Մշակոյթի պալատի նոր շէնքը ունի արդիական կահաւորում, 300 տեղանոց դահլիճ, 20 սենեակ մշակութային տարատեսակ դասընթացներու համար, նաեւ առանձին հանգիստի սենեակ տարեցներու համար: Տաշիրցիներուն ընծայուած այս արդիական շինութեան համար ծախսուած է 400 միլիոն դրամ: Այժմ նոյն Հիմնադրամի միջոցներով աշխատանք կը տարուի ընդարձակելու եւ բարեզարդելու քաղաքի պարտէզը:
«Տաշիր Բարեգործական Հիմնադրամի» միջոցներով միաժամանակ մանկապարտէզներ կը կառուցուին նաեւ Սպիտակ եւ Իջեւան քաղաքներուն մէջ:






