Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կազմակերպած «Կանանց Լսարան»-ը եզրափակեց 2018-2019 տարեշրջանի իր սերտողութիւնները Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Կաթողիկոսին Հայրապետական պատգամով։ Աւանդութեան համաձայն, տարեշրջանի եզրափակիչ պատգամը կը փոխանցէ Նորին Սրբութիւնը, իսկ աւարտին, ներկաները առիթ կ՚ունենան Հայրապետին ուղղելու իրենց հարցումներն ու առաջարկները։
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Բաժանմունքին վարիչ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան։ Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց այս տարեշրջանի աշխատանքները եւ դիտել տուաւ, որ Վեհափառ Հայրապետը մօտէն կը հետեւի լսարանին՝ անոր աշխատանքներուն, ծրագիրներուն ու գործընթացքին։
Ապա, Հայրապետը իր խօսքը սկսաւ անդրադառնալով եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութեան ու դիտել տուաւ, որ երկուքին միջեւ հեռաւորութիւն պէտք չէ գոյութիւն ունենայ։ Մեկնելով Յիսուսի օրինակէն՝ ան նշեց, որ Քրիստոս երեք տարի ժողովուրդին մէջ ապրելով մօտէն հետեւեցաւ անոր առօրեային եւ այդ իսկ պատճառով Աւետարանին մէջ կը տեսնենք մեր կեանքին հետ աղերս ունեցող առակներ ու դէպքեր։ Նորին Սրբութիւնը ապա ընդգծեց, որ թէկուզ մենք կը ծնինք քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ, սակայն մկրտութեամբ քրիստոնեայ կը դառնանք, իսկ միայն Յիսուսի ճամբէն քալելով, մաս կազմելով Անոր ու հաղորդուելով Անկէ, կը վերածուինք իսկական քրիսոտոնեաներու։ Հայրապետը յիշեցուց, որ եկեղեցին քարեղէն կառոյցը չէ, այլ ժողովուրդը ինքն է ու հարկ է Քրիստոսի մեր հաւատարմութիւնը վերանորոգենք ու վերահաստատենք, որպէսզի կարողանանք մօտենալ Աստուծոյ, որ իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց՝ մարդը փրկելու ադամական մեղքէն։
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին առիւծի բաժինը նուիրեց հայ ընտանիքին, որ քրիստոնէական հասկացողութեամբ փոքր եկեղեցի է, հետեւաբար, սրբութիւն է ան եւ այս մօտեցումը պէտք է ունենանք հայ ընտանիքներուն նկատմամբ, ըսաւ ան։ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ ազգային դաստիարակութեան համար հայ մօր առանցքային դերակատարութեան ու յայտնեց, որ ընտանեկան կրթութիւնը հիմքն է ազգային կրթութեան եւ որքան տոկուն ըլլայ ընտանիքը, նոյնքան տոկուն կ՚ըլլայ ազգը։ Բաղդատելով հայ ընտանիքներու անցեալի պայմանները ներկայ պայմաններուն հետ, Հայրապետը յորդորեց հայ ընտանիքները, ի մասնաւորի հայ մայրերը, հաստատ մնալու իրենց հայեցի կրթութեան եւ հայկական ու քրիստոնէական արժէքներու փոխանցման մէջ, ու նկատել տուաւ, որ թէկուզ փոքրիկները իրենց տարիքի բերումով կրնան եկեղեցւոյ մէջ անհանդարտ մնալ, սակայն ժամանակի ընթացքին ու համբերութեամբ անոնց կրնանք սորվեցնել եկեղեցւոյ նիստուկացի օրէնքները, հետեւեբար պէտք չէ զրկել մեր մանուկները եկեղեցիէն, այլ պէտք է հետեւիլ Քրիստոսի օրինակին, որ կ՚ըսէ՝ «ձգեցէք մանուկները ինծի գան»։
Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը եզրափակեց գնահատելով բաժանմունքի վարիչ հայր սուրբը, ինչպէս նաեւ անոր օգնական հայր սուրբը եւ լսարանի մասնակիցները։
Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ աջահամբոյրով եւ յիշատակի խմբանկարով։
Նշենք, որ կանանց լսարանը տեղի կ՚ունենայ ամէն երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 10-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։ Լսարանին զուգահեռ տեղի կ՚ունենան նաեւ հիւրասիրութիւններ եւ ազգային ու եկեղեցական աւանդութիւններու տօնախմբութիւններ։