«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Լիբանանի քաղաքական կայունութեան սպառնալիքներու պայմաններով երկար ժամանակ լուռ մնալէ ետք՝ վարչապետ Սաատ Հարիրի, Երեքշաբթի օր, յայտարարեց, որ այժմեան քաղաքական կարգաւորման որեւէ այլընտրանք Լիբանանը կրնայ տանիլ դէպի «անյայտ»-ը:
Նախագահ Միշէլ Աունի եւ Հարիրիի միջեւ քաղաքական կարգաւորումը, որ յանգեցուցած էր Աունի ընտրութեան, վերջին երկու շաբաթներուն կը ներկայցուէր իբրեւ վտանգի տակ գտնուող խնդիր, սակայն Հարիրի կրցաւ դուրս գալ իրավիճակէն:
«Նախագահի հետ իմ փոխյարաբերութիւնս լաւ է, բայց երկրին մէջ խնդիրը այսօր այն է, որ իւրաքանչիւրը կ՝ուզէ այլ ուղղութեամբ տանիլ զայն»,- ըսաւ Հարիրի կառավարութեան շէնքին մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին:
Հարիրիի ելոյթը պատասխանն էր այն անհասկացողութեան, որ եղած էր Ալ Մուսթաքպալ շարժման եւ Ազգային Ազատ Հոսանքին միջեւ։ Վերջինս հիմնուած է Աունի կողմէ եւ այժմ կը ղեկավարուի իր փեսային` Ժպրան Պասիլի կողմէ:
«Մենք չենք կրնար շարունակել լուռ մնալ այն խօսքերուն դէմ, որոնք կ՝ազդեն արժանապատւութեան, Սահմանադրութեան եւ այս երկրի սովորոյթներուն վրայ»,- ըսաւ Հարիրի, ընդգծելով,- «Լեզուի սայթաքումները չեն արտօնուած»։






