Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Ալ Մուսթաքպալ Շարժումը Կը Դատապարտէ Վարչապետը Վատաբանող Մեկնաբանութիւնները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Ալ Մուսթաքպալ Շարժման պաշտօնեաներ վստահութիւն յայտնեցին Վարչապետ Սաատ Հարիրիին իբրեւ կառավարութեան ղեկավար եւ դատապարտեցին վերջին մեկնաբանութիւնները, որոնք կը վատաբանեն վարչապետին աշխատանքը:

Կուսակցութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Ալ Մուսթաքպալ դաշինքը աջակցած է վարչապետին «որ կը շարունակէ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի» ճանապարհը»:

Դաշինքի ղեկավար Պահիա Հարիրի, Երկուշաբթի օր Թրիփոլիի մէջ, նախկին վարչապետ Նաժիպ Միքաթիի հետ կայացած համատեղ մամուլի ասուլիսի մը ընթացքին խոստացաւ, որ Ալ Մուսթաքպալ Շարժումը պիտի շարունակէ Ռաֆիք Հարիրիի ճանապարհը, հակառակ վերջերս Սաատ Հարիրիի դէմ ուղղուած քննադատութիւններուն:

Նշենք, որ Սաատ Հարիրի եւ անոր Շարժումը կոշտ քննադատութեան թիրախ դարձած են Ազգային Ազատ Հոսանքի, Յառաջդիմական-Ընկերվար ​​կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի կողմէ:

Երկուշաբթի կայացած մամուլի ասուլիսին ընթացքին, իր հերթին, Միքաթի Ալ Մուսթաքպալ Շարժման դէմ հնչած կոշտ հռետորաբանութիւնը բացատրեց իբրեւ անհիմն «յարձակում» մը ուղղուած վարչապետին դէմ:

Ան պնդեց, որ Հարիրին «իշխանութեան մէջ պիտի շարունակէ մնալ նախագահ Միշէլ Աունի իշխանութեան ժամանակահատուածին»:

«Ազմ» Շարժման առաջնորդը վէճերուն վերջ տալու կոչ ըրաւ եւ հաստատեց իր կուսակցութեան  սերտ յարաբերութիւնները Ալ Մուսթաքպալ Շարժման հետ՝ ընդգծելով, որ իրենք կը կիսեն նոյն մտահոգութիւնները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին