Երեքշաբթի, 15. 10. 2024

spot_img

Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն «Յունաստանի Եւ Կիպրոսի Հայերը» Գիտաժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները (լուսանկարներ)

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի կազմակերպած «Յունաստանի Եւ Կիպրոսի Հայերը» գիտաժողովը աւարտեց իր աշխատանքները:

Հինգշաբթի, 30 Մայիս 2019ի առաւօտեան պաշտօնական բացման հանդիսութեան ներկայ էին Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դր. Փօլ Հայտօսթեան, Վարուժան Արք. Հերկէլեան, Վեր. Հրայր Չոլաքեան, կիպրահայ եւ յունահայ հիւրեր, Միջին Արեւելքի հայօճախներու պատմութեամբ հետաքրքրուող մտաւորականներ, գիտաժողովին մասնակից գիտահետազօտողներ եւ փորձագէտներ:

Կեդրոնի տնօրէն Դր. Անդրանիկ Տագէսեան բացումը կատարելով Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կերդոնի 8րդ տարեկան գիտաժողովին հրաւիրեց Հայկազեան Համասարանի նախագահ Վեր. Դր. Փօլ Հայտօսթեանը, որ բարիգալուստ մաղթելէ ետք արտասահմանէն ժամանած հիւրերուն եւ լիբանահայ ներկաներուն, ընդգծեց. «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի, Տէրեան Հայագիտական Գրադարանի, եւ Հայկական ամբիոնի համալսարանական դասընթացքներու կողքին, Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը կը շարունակէ բերել օգտակար նեդրում հայագիտական ուսումնասիրութիւններու»: Վեր. Հայտօսթեան արժեւորեց գիտաժողովներու այս շարքը, մատնանշելով որ անոնք առիթ ընծայած են «քննելու ցարդ յատկապէս միջինարեւլեան Սփիւռքը ոչ որպէս միօրինակ ընդհանրութիւն, կամ մօտակայ երկիրներու գաղութները որպէս նմանօրինակ, այլ ամէն մէկ երկրի գաղութ որպէս ինքնորոյն հարուստ մշակոյթ, թէեւ յարափոփոխ իրականութիւններու ենթակայ:  Կարեւորը իւրաքանչիւրին ծաւալն ու ազդեցութեան մակարդակը չէ, այլ՝ հայկական տեղականութիւնը, պատմամշակութային հիմքը, հայկական տարածականութեան աստիճանը, հայրենի պետութեան հետ առնչութիւնը, հաստատութիւններու պատկերը, ականաւոր դէմքերը…,- ու շեշտեց,-  լաւ է որ մենք գերին չըլլանք աւելի ճոխ անցեալ մը աւելի նօսրացած ներկայի մը հետ բաղդատելու երեւոյթին, այլ՝ քննողները մեր գաղութներու ծալքերուն, դասեր քաղելու անոնցմէ»:  Վեր. Հայտօսթեան անդրադարձաւ Կեդրոնի այս գիտաժողովներու տարեկան հրատարակութիւններուն եւ Գ. Կիւլպենկեան Հաստատութեան, որ «ունեցած է իր գործնական ներդումը այս մարզին մէջ»: Հուսկ, ան բոլորի անունով ողջոյն յղեց Կիպրոսի եւ Յունաստանի «մեր սիրելի համայնքներուն» ու բոլորին մաղթեց «օգտաւէտ երկու օրեր»:

Ապա Դոկտ. Տագէսեան ընթերցեց կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ տիար Վարդգէս Մահտէսեանի ողջոյնի գիրը, ուր ան «հիանալի նախաձեռնութիւն» որակելէ ետք գիտաժողովներու այս շարքը, կը շնորհաւորէր կազմակերպիչ մարմիններուն «յարատեւ եւ յամառ ջանքերը», կը գնահատէր գիտաժողովներու նիւթերուն հատորներով լոյս ընծայումը ու կը շեշտէր. «Սփիւռքի ներկայ պայմաններուն եւ բազմապիսի մարտահրաւէրներուն դիմաց Կեդրոնի իրարայաջորդ համագումարներու տիրական եւ տեւական այս շարքը իր նպատակով, ծրագրով ու տեսլականով՝ գօտեպնդիչ եւ քաջալերական երեւոյթ մըն է, շահեկան ներդրում մը, ի խնդիր հայրենիքի սահմաններէն դուրս ապրող մեր հայութեան ապագային»:

Ապա խորունկ վերլուծութեամբ մը, գիտաժողովի հիւր դասախօս, University College Londonի պատուակալ աւագ հետազօտող, մշակութաբան-մարդաբան Դոկտ. Սուզըն Փեթի պատմութեան ենթախորքով կատարեց Յունաստանի եւ Կիպրոսի հայօճախներուն պատումը, լուսարձակի տակ առնելով անոնց ժողովրդագրական, կազմակերպական, միութենական, ներհայկական եւ հայ-յունական փոխյարաբերութեանց վերիվայրումները, ընդգծեց հայօճախներուն ինքնութենական վերաձեւումներուն շարժառիթները, գործօններն ու հետեւանքները: Փաստաթղթային լուսանկարներով ներկայացուած այս դասախօսութիւնը յառաջացուց այն ենթահողն ու միջավայրը, ուր լուսաբանուեցան յաջորդող 34 զեկոյցները:

Գումարուեցան վեց նիստեր, որոնց ընթացքին զեկուցեցին Ֆրանսայէն, Միացեալ Թագաւորութենէն, Մ. Նահանգներէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն, Սուրիայէն, եւ Լիբանանէն ժամանած փորձագէտներ ու մասնագէտներ: Առաջին երկու նիստերը նուիրուած էին Յունաստանի հայօճախին, իսկ յաջորդ չորսը՝ աւելի մանրամասն քննութեան առին Կիպրոսի հայօճախը: Նիստերը խմբաւորուած էին ըստ բնագաւառներու.- 1) Յունաստան. պատմութիւն, պետութիւն, ցեղասպանութիւն, 2) Յունահայութիւն. 1940էն այսօր,  համայնքային կեանք եւ մշակոյթ, 3) Կիպրոս. պատմութիւն, համայնք եւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն, 4) Եղեռն, տեղաւորում, կազմակերպում, տեղաշարժեր եւ մշակոյթ, 5) Պետութիւն. քաղաքական վիճակ, կրթական-մշակութային ձեռքբերումներ, 6) Ժամանակակից ընկերամշակութային օրակարգեր:

Յունահայ երիտասարդ փորձագէտ, Թրակիոյ Համալսարանի դոկտորականի հայցորդ Սարգիս Տանկազեան ներկայացուց Քոմոթինիի հայօճախը՝ ԺԷ. դարէն մինչեւ այսօր, լուսարձակի տակ առնելով հայօճախին պատմական ելեւէջները եւ մերօրեայ մարտահրաւէրները: Միննըսոթայի Սընթ Պենետիքթ Համալսարանի դասախօս Դոկտ. Ճոն Արմաճանի քննարկեց Յունաստանի սահմանադրութիւններուն տրամադրութիւնները՝ փոքրամասնութեանց, ի մասնաւորի՝ հայոց իրաւունքներուն առնչութեամբ: Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի աշխատակից Դոկտ. Շուշան Խաչատրեանի զեկոյցին համառօտ տարբերակը ընթերցեց իր պաշտօնակից Դոկտ. Էտիթա Կժոյեանը: Զեկոյցը կը վերաբերէր Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի հոգածութեամբ Յունաստան գտնուող որբերուն: Զեկոյցին կ’ընկերանային լուսանկարներ, փաստաթուղթեր եւ վկայութիւններ: Ծիծեռնակաբերդի Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի աշխատակից Քրիստինէ Նաճարեան արժեւորեց շուէտ միսիոնար Ալմա Եոհանսոնի անձնդիր գործունէութիւնը Յունաստան հաստատուած հայ փոքրերուն: Եոհանսոն նախաեղեռնեան շրջանին ալ անձնուիրաբար ծառայած էր հայութեան: Աթէնքի Համալսարանի դասախօս Դոկտ. Հերվէ Ժորժըլէն ներկայացուց թերուս Անժէլ Քուրթեանի յուշագրական երեք հատորները, որոնք լոյս տեսած են 1980ին: Յունարէն այս հատորներուն իւրայատկութիւնը այն է որ անոնք կը ներկայացնեն յոյներու Զմիւռնիոյ աղէտին ոդիսականները՝ հայկական աչքերով: Դերենիկ Դեմիրճեանի տուն թանգարանի վարիչ Կարինէ Ռաֆայէլեան ներակայացուց 1930-40ականներու յունահայ մամուլի մշակութային դիմագիծը, անդրադառնալով մամուլին մէջ լոյս տեսած յօդուածներուն եւ թարգմանութիւններուն: Սփիւռքի նախարարութեան նախկին պաշտօնատար Դոկտ. Էլիզ Գէորգեան քննարկեց յունահայ հայրենադարձութիւնը՝ ներգաղթի համապատկերին խորքին: Ան լուսաբանեց նաեւ յունահայ ներգաղթողներու տեղաւորման վայրերու, դիմագրաւած դժուարութիւններու եւ բերած նպաստներուն հարցեր:

Բ. նիստին, Երեւանի Պետական Համալսարանի դասախօռս Դոկտ. Տիգրան Ղանալանեան ներկայացուց յունահայ արտագաղթը Յունաստանէն՝ 1946-70ականներուն: Տալով թուային տուեալներ, երիտասարդ գիտնականը անդրադարձաւ նաեւ տեղաշարժերուն յառաջացուցած մշակութային, ընկերաբանական, ժողովրդագրական հետեւանքներուն՝ թէ՛ հեռացած եւ թէ հաստատուած երկիրներուն հայ հաւաքականութիւններուն: Թեսաղոնիկահայ երիտասարդ գիտահետազօտող Յովիկ Գասապեան մանրամասնեց Թեսաղոնիկէի հայ համայնքի վերջին 25 տարիներու զարգացումները, հայօճախին ինքնութենական վերափոխումները՝ հայաստանցի արտագաղթողներու շրջան հաստատուելէն իվեր: Ան անդրադարձաւ անոնց համարկումի խնդիրներուն եւ հեռանկարներուն: Հայրենի միջին սերունդի հետազօտողներու լաւագոյն ներկայացուցիչներէն պատմաբանասէր, գեղարուեստագէտ Դոկտ. Արծուի Բախչինեան ներկայացուց համապատկերը յունահայ դէմքերու մշակութային նպաստին՝ Յունաստանի եւ միջազգային գեղարուեստին: ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Ազգագրութեան եւ Հնագիտութեան Հիմնարկի Սփիւռքի բաժնի ժրաջան հետազօտող Սօնա Ներսիսեան դաշտային իր ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքը ներկայացուց՝ Յունաստանի հայօճախին ինքնակազմակերպման գործին մէջ հայկական կազմակերպութիւններու դերին առնչութեամբ:

Գ. նիստին, բազմավաստակ պատմաբան, կիլիկիագէտ փրոֆեսոր Քլոտ Մութաֆեան վերլուծեց Կիպրոսի եւ Կիլիկեան Հայկական Թագաւորութեան միջեւ հաստատուած պալատական խնամիութեան դիւանագիտութիւնը, որ մեծապէս կը ծառայէր ուժերու մէկտեղման եւ միացեալ քաղաքականութեան որդեգրման: Հալէպահայ երիտասարդ հետազօտող Աւետիս Ափոշեան լուսարձակի տակ առաւ Կիպրոսի՝ օսմանեան տիրապետութեան շրջանի հայոց կեանքը, տնտեսա-մշակութային վիճակը, ընկերային պայմաններն ու իրաւունքները: Հմուտ եւ բեղուն պատմաբանասէր, Երեւանի Պետական Համալսարանի դասախօս հալէպահայ Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան ներկայացուց բանահիւսական գողտրիկ նիւթ մը, թէ ինչպէս յիշատակուած է Կիպրոսը Անտիոքի շրջանի հայ բանահիւսութեան մէջ: Ի բացակայութեան Քալիֆորնիոյ Նորթրիճի Համալսարանի հայագիտութեան բաժնի տնօրէն փրոֆեսոր Վահրամ Շեմմասեանի, իր զեկոյցին ամփոփումը ներկայացուց Հայկազեան Համալսարանի մագիստրականի ուսանողուհի Ծաղիկ Սահակեանը: Շեմմասեան կը փաստագրէր ԺԹ. դարավերջին Կիպրոսի խաղացած դերը իբրեւ հայ յեղափոխականներու կամրջագլուխ՝ Կիպրոսէն օսմանեան մայրցամաք անցումին: Հայ Աւետարանական Գոլէճի տնօրէն Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան ներկայացուց պատումը Մելգոնեան եղբայրներու կտակին եւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան հիմնումի նախապատմութեան:

Գիտաժողովի առաջին օրուան իրիկունը տեղի ունեցաւ հանրային զրոյց՝ Յունաստանի եւ Կիպրոսի հայօճախներու ներկայ մարտահրաւէրներուն խնդրով: Յովիկ Գասապեանի եւ Տոքթ. Անդրանիկ Աշճեանի հակիրճ ներկայացումներէն ետք ընթացաւ աշխուժ քննարկումը այս նիւթին, բարձրացուեցան այժմէական անմիջական եւ հրատապ հարցեր ու դարձեալ պարզուեցաւ որ միջինարեւելեան հայօճախներու մերօրեայ շարք մը մարտահրաւէրներ հասարակաց են ու կարիքն ունին ընդհանրական քննարկումի եւ կարգաւորումի:

Երկրորդ օրուան եւ գիտաժողովի Դ. նիստին, Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի փոխտնօրէն Դոկտ. Կժոյեան քննարկեց Ազգերու Լիկայի դերակատարութիւնը՝ Կիպրոսի ու Յունաստանի հայօճախներուն կազմաւորումին մէջ: Հասկնալի է որ այդ դերակատարութիւնը կազմակերպական չէր կրնար ըլլալ, այլ՝ անուղղակի: Դոկտ. Արմաճանի իր երկրորդ զեկոյցով քննարկեց Կիպրոսի սահմանադրութիւններուն տրամադրած իրաւունքները՝ փոքրամասնութիւններուն, նաեւ՝ կիպրահայոց: Դոկտ. Ղանալանեան իր երկրորդ զեկոյցով լուսաբանեց կիպրահայ արտագաղթը Կիպրոսէն՝ 1955-70ականներուն: ՀՀ Ազգային Արխիւի աշխատակից Յասմիկ Յարութիւնեան, հիմնուելով արխիւային փաստաթուղթերու վրայ, կատարեց պատումը Խորհրդային Հայաստանի եւ Կիպրոսի հայօճախի 1945–91 շրջանի յարաբերութիւններուն, անդրադարձաւ այդ յարաբերութեանց բարեշրջումներուն եւ ունեցած ազդեցութիւններուն ու հետեւանքներուն: Ալեքսանդր Թամանեանի անուան Ազգային Ճարտարապետութեան Թանգարան-Հիմնարկի հիմնադիր եւ տնօրէն Փրոֆ. Դոկտ. Աշոտ Գրիգորեան քննարկման նիւթ դարձուց կիպրահայ եւ յունահայ ճարտարապետերու հոյլը, անոնց գործունէութիւնը եւ շեշտեց սփիւռքահայ համահաւաք ճարտարապետական շտեմարանի մը յառաջացման անհրաժեշտութիւնը, իբրեւ հայ մշակոյթի բաղադրիչ:

Ե. նիստին, կիպրահայ երիտասարդ մտաւորական Տոքթ. Անդրանիկ Աշճեան ներկայացուց Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչները, անոնց ընտրապայքարները եւ հետեւանքները՝ հայօճախին երկփեղկումին առումով: Նախկին լիբանահայ Նայիրի Մուրատեան ըրաւ պատմականը Կիպրոսի Հայկական Ռատիօժամին, յայտագրերուն, պաշտօնատարներուն, եւ գործած ազդեցութեան: Կիպրահայ Նարեկ Վարժարաններու երկարամեայ տնօրէն Վարդան Թաշճեանի զեկոյցը նուիրուած էր կիպրահայ կրթական ճիգին: Իր բացակայութեան, զեկոյցին ամփոփ տարբերակը կարդաց Հայկազեան Համալսարանի ուսանողուհի Րիթա Մարիա Գազանճեան: Զեկոյցը համառօտակի ներկայացնելէ ետք ԺԹ. դարավերջ-Ի. դարասկիզբի կրթական փորձը,  մանրամասնեց Նարեկ վարժարաններուն ներկան՝ դպրոցաշէնքերու, կրթական ծրագրերու, աշակերատական թիւի, ուսուցչակազմի եւ այլ առումներով: Կիպրայոյն երիտասարդ հետազօտող Ալեքսանդր Մայքըլ Հաճիլիրա ներկայացուց 1963-64ի Կիպրոսի միջհամայնքային բախումներուն եւ 1974ի թրքական ներխուժումին հետեւանքները կիպրահայութեան վրայ: Շահեկան նիւթ մը, որ զուգահեռներ կը գծէ շրջանի միւս երկիրներու հայօճախներուն կրած վնասներուն հետ:

Զ. նիստին, Կիպրոսի նախկին առաջնորդ Վարուժան Արք. Հերկէլեան համապարփակ ներկայացուց կիպրահայ թեմը, իր պատմական անցեալէն մինչեւ այսօր: Սրբազան հայրը հեղինակութիւնն է այս նիւթով՝ մանրամասն պրպտած ըլլալով Կիպրոսի առաջնորդարանին արխիւները: Կիպրահայ միջին սերունդի մտաւորական Մասիս Տէր Բարթող զեկուցումի նիւթ դարձուցած էր շրջանի անկայուն երկիրներէ հայերու Կիպրոս ապաստանելու փաստը: Անոր զեկոյցը անդրադարձաւ նաեւ Կիպրոս հաստատուած շարք մը հայերու արձանագրած յաջողութիւններուն: Իր բացակայութեան, զեկոյցը ընթերցեց Հայկազեանի ուսանողուհի Գազանճեան: Հաճիլիրայի երկրորդ զեկոյցը նուիրուած էր կիպրահայ կազմակերպութիւններու համապատկերին: Երիտասարդ հետազօտողը ներկայացուց աւելի քան հարիւրամեայ այդ համապատկերը: Կիպրահայ Մուֆլոն Հրատարակչատան հիմնադիր հանգուցեալ Գէորգ Քէշիշեանի դուստր, Րութ Քէշիշեանի զեկոյցը ըրաւ պատմականը կիպրահայ տպագրութեան եւ ընթերցասիրութեան: Իր բացակայութեան զեկոյցին համառօտ տարբերակը ընթերցեց Դոկտ. Տագէսեան: Կիպրահայ աւետարանական համայնքին պատմական անցեալին անդրադրաձաւ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, կատարելով շարք մը հարցադրումներ: Ի բացակայութեան Gibrahayer ելեկտրոնային մամուլի հիմնադիր եւ պատասխանատու Սիմոն Այնէճեանի, իր զեկոյցին ամփոփումը ներկայացուց Հայկազեանի ուսանողուհի Գազանճեան: Նիւթը կը վերաբերէր կիպրահայ հաղորդակցամիջոցներուն՝ անցեալէն մինչեւ այսօր, ինչպէս նաեւ՝ այս բնագաւառին դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները: Ի բացակայութեան Դոկտ. Սօսի Գասպարեանի, իր զեկոյցին համառօտ տարբերակը ընթերցեց Դոկտ. Տագէսեան: Զեկոյցը կ’արծարծէր կիպրահայերու համարկումի փորձը՝ քաղաքական ներգրաւումի եւ մշակութային ինքնավարութեան նաւարկումներուն միջեւ: Ժամանակի նեղութեան պատճառով չընթերցուեցաւ Կիպրոս գտնուող հայաստանցի արտագաղթողներուն նուիրուած զեկոյցին ամփոփումը, որ կրկնութիւնն էր գիտաժողովին առթիւ լոյս տեսած գրքոյկին մէջ տեղ գտած ամփոփումին: Գիտաժողովին վերջին զեկոյցը կը պատկանէր ՀՀ ԳԱԱ Ազգագրութեան եւ Հնագիտութեան Հիմնարկի Սփիւռքի բաժնի աշխուժ հետազօտող Լուսինէ Տանաճեանին, որ դաշտային իր ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքը՝ «Կիպրոսի հայերու ընկերամշակութային կեանքի առանձնայատկութիւնները» վերնագրեալ զեկոյցը ներկայացուց շօշափելի վիճակագրութեամբ եւ տուեալներու վրայ հիմնոաւծ վերլուծումներով:

Նիստերը վարեցին Դր.ներ Արտա Էքմէքճի, Անդրանիկ Տագէսեան, Արմէն Իւրնէշլեան, եւ Շաղիկ Խիւտավերտեան, Եղիա Թաշճեան ու Արմէն Պագգալեան:

Գիտաժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում եւ ընդհանուր արժեւորում: Կարեւորուեցան նման գիտաժողովներու անհրաժեշտութիւնը, անոնց յառաջացուցած խթանը՝ նմանատիպ ուսումնասիրութիւններու կատարման: Էական համարուեցան նման գիտաժողովներէ բխած հետեւութիւններու եւ պարզուած խնդիրներու լուծման մեքենաներու յառաջացման հակամարգի մը գոյառումը, անոնց նիւթաբարոյապէս սատարումը:

Գիտաժողովի իր դիտարկումներուն անդրադառնալով, Դոկտ. Տագէսեան հաստատեց թէ «գիտաժողովը փաստեց, թէ որքա՜ն ընելիք կայ» ու թելադրեց գիտահետազօտոշղները չբաւարարուիլ ձեռք բերուածով: Ան անդրադարձաւ զեկոյցներուն մեթոտաբանական, այլեւայլ պարագաներուն, զուգահեռներ գծեց նախորդ եւ այս գիտաժողովին արծարծուած շարք մը նիւթերու միջեւ, կատարեց ընդհանրացումներ, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն:

Փակման խօսքին մէջ, Վեր. Հայտօսթեան գիտաժողովէն բխած իր դիտարկումները կիսելով ներկաներուն հետ, կատարեց շարք մը հարցադրումներ: Վեր. Հայտօսթեան նշեց որ պէտք չէ ծանրանալ հայօճախի քանակին վրայ, այլ աւելի ուշադիր ըլլալ հայօճախին գործունէութեան եւ հնարաւորութիւններուն, փակագծելով թէ իւրաքանչիւր հայօճախի ենթահողի, մասնագիտութիւններու, երկրի պայմաններու գործօննրը նկատառելի հարցեր են: Ան շեշտաւորեց հայօճախին տէր կանգնելու եւ տէր կանգնողի պարագաները…: Հուսկ, ան յուշեց զեկուցաբերները, որ վերամշակելէ ետք իրենց զեկոյցները կարճ ժամանակի մէջ յղեն այդ նիւթերը, որպէսզի հատորը կարելի ըլլայ լոյս ընծայել անհրաժեշտ արագութեամբ:

Գիտաժողովի ամբողջ տեւողութեան Հայկազեան Համալսարանի Մուկար սրահին մէջ ցուցադրուեցան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան առնչուող աւելի քան 50 հատորներ:

Գիտաժողովը յատկանշուեցաւ իր երիտասարդականութեամբ. մասնակիցներուն մէջ երիտասարդները մեծամասնութիւն կը գոյացնէին: Մասնակիցները պաշտպանած էին մագիստրական թեզեր, իսկ մեծամասնութիւնը՝ նաեւ թեկնածուական:

Նախորդ գիտաժողովներուն նման այս ալ յատկանշուեցաւ ջերմ, ազատ, անմիջական, նախանձախնդիր, բացսիրտ քննարկումներով, առարկայական վերլուծութիւններով, հայօճախներու համեմատութիւններով: Ի տարբերութիւն նախորդ գիտաժողովներուն, ուր հայաստանցի գաղթականներու համարկումի խնդիր չէր բարձրացուած, թէ՛ Կիպրոսի եւ թէ՛ Յունաստանի մասնակիցները շեշտակի մտահոգութիւն յայտնեցին անոնց համարկումին եւ հայապահպանումին առնչութեամբ: Կրկնուող մտահոգութիւն էր խառն ամուսնութիւններու պարագան: Տարբեր երեսակներէ արծարծուեցան ինքնութենական խնդիրները, անհրաժեշտ նկատուեցաւ ոչ միայն խնդիրներու քննարկումը, այլեւ անոնց լուծման քննարկումները: Առաջարկուեցաւ նման գիտաժողովները զարգացնել զուտ ակադեմական քննարկումներէ դէպի նախաձեռնութիւններու հարթակի: Յաճախակի կրկնուեցան հայախօսութեան եւ հայերէնագիտութեան հարցերը, միջ-հայօճախային փոխօգնութեան եւ հաղորդակցութեան էականութիւնը,  ընդգծուեցաւ անհրաժեշտութիւնը առաւել արծարծելու մերօրեայ խնդիրները եւ ընդհանրական խնդիրներու պարզաբանման ու լուծման նպաստող քայլերու ձեռնարկումը:

Գիտաժողովին մասնակիցները կը տիրապետէին իրենց արծարծած նիւթերուն: Անոնք պարզ ներկայացնողները չէին իրենց զեկոյցներուն, այլ կարծէք ստանձնած էին դատեր, որոնք զեկուցումներու միջոցով կը բարձրաձայնուէին եւ լուծումներ կ’որոնէին…:

Գիտաժողովի տեւողութեան զեկուցաբերներուն կողքին ներկայ եղան լիբանահայ մտաւորականներ, Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան երկու պաշտօպնատարներ (որոնք Պէյրութ կը գտնուէին Հայկազեան Համալսարանի եւ նախարարութեան միջեւ Նոյեմբեր 2018ին ստորագրուած յուշագրին առ ի գործնականացում), Միջին Արեւելքի հայօճախներու ժամանակակից պատմութեամբ եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի ուսումնասիրութեամբ զբաղող փորձագէտներ, հետազօտողներ, մտաւորականներ, շաղախուեցան նոր մտածումներ, հաստատուեցան նոր ծանօթութիւններ եւ յարաբերութիւններ, որոնք կը ծառայեն սփիւռքագիտութեան:

Կեդրոնի կազմակերպած վերջին վեց տարիներու գիտաժողովները Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի, Իրաքի, Եգիպտոս-Սուտան-Եթովպիոյ, Կիպրոս-Յունաստանի հայօճախներուն բեւեռուող լուսարձակներ են, որոնք նոր եւ հրատապ այժմէականութիւն կու տան Միջին Արեւելքի սփիւռքագիտութեան զարգացման: Այս գիտաժողովները կը մղեն առնչուող հայութիւնը իր պատմութիւնը, դէպքերն ու զարգացումները շրջանի համապատկերով, Միջին Արեւելքի անդրսահմանային հայեցակարգով դիտելու, ընկալելու եւ գործելու: Այս գիտաժողովները նաեւ նախանձախնդիր կոչեր են որպէսզի քննարկումէ անդին անցնին միջինարեւելեան հայութեան շարք մը հրատապ հարցերը եւ անոնց լուծումներ առաջադրուին՝ համահայկական պարունակին եւ համապատկերին յօգուտ:

Գիտաժողովին նիւթերը պիտի հրատարակուին յառաջիկային: Արդէն լոյս տեսած են Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայօճախներուն նուիրուած գիտաժողովի հատորները: Մ,ամուլի տակ է Յորդանանի հայօճախին նուիրուած գիտաժողովին նիւթերուն հատորը, ընթացքի մէջ է նաեւ Իրաքի հայօճախին նուիրուած գիտաժողովին հատորը:

Յառաջիկայ տարուան՝ Կեդրոնի գիտաժողովի նիւթ որոշուած է «Արաբական Ծոցի Երկիրներու Հայերը» թեման: Այդ գիտաժողովը կը ծրագրուի կայացնել 2020 Մայիսին: Ծրագրային նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ ընթացք առած են: Այդ առումով, յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն:

Հայկազեան Համալսարանի

Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին