«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երկրի ամենախոշոր ազգային լողափներու մաքրման քարոզարշաւներէն մէկը տեղի ունեցաւ Կիրակի առաւօտեան, Լիբանանի տարբեր վայրերու մէջ, պետական պաշտօնեաներու եւ տեղական կամաւորներու մասնակցութեամբ:
Շրջակայ միջավայրի նախարարութիւնը անցեալ շաբաթ սկսաւ համաշխարհային «Պահպանենք մեր դէմքը» արշաւախումբը` ըսելով, որ նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի «Պահպանելու դէմքը եւ փոխանցելու Լիբանանի աւելի մաքուր կերպարը»:
Նախարարութեան աղբիւրի մը համաձայն՝ քարոզարշաւը կ՝ընդգրկէ աւելի քան 120 տարածք՝ 7000 կամաւորի մասնակցութեամբ:
Լիբանանը Միջերկրական ծովուն մէջ փլասթիկ թափօններու խոշոր ներդրողն է. Անոր մակերեսին, ըստ 2015-ի ուսանողական ուսումնասիրութեան մը, կը ծփայ 1000-3000 թոն փլասթիկ: Այս աղտոտուածութեան հետեւանքով՝ ոչ մէկ ներդրում կը կատարուի համազգային գործիչներու կողմէ։
Մաքրութեան աշխատանքներուն մէջ ընդգրկուած էր նաեւ Սուրի լողափը, ուր շրջակայ միջավայրի նախարար Ֆատի Ժրէյսաթի, շրջանի երեսփոխան Ինայա Էզզըտին եւ Լիբանանի բանակի անդամներ ու իտալական UNIFIL-ի անդամներ միացան ուսանողներուն` աղբը վերցնելու աշխատանքին:
Սուրի քաղաքապետ Հասան Տապուգ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ քաղաքապետարանը «կը շարունակէ Սուրի լողափին առաջնահերթութիւն տալ», հաշուի առնելով անոր աշխարհագրական եւ զբօսաշրջային արժէքը:
Սայտայի մէջ, աւելի քան 450 կամաւոր եւ աքթիւիստ, Կիրակի առաւօտ կանուխ, աջակցեցան բանակին եւ Կարմիր խաչի անդամներուն:
«Ասիկա մեզի համար հարսանիք է»,- ըսաւ Ժրէյսաթի` Սայտայի ափին խօսելով լրագրողներու հետ: «Մենք ուզեցինք միասնական ուղերձ մը յղել լիբանանցի ժողովուրդին, ըսելով, որ իբրեւ մէկ սիրտ մենք կրնանք որեւէ լաւ գործ կատարել մեր երկրին համար»:
«Իւրաքանչիւր լաւ բան, որ մենք կ՝ընենք մեր երկրին համար, կը բարձրացնէ մեր ոգին»,- աւելցուց Ժրէյսաթի:
Աւելի հիւսիս, Թրիփոլիի լողափը եւ ափերուն գտնուող կղզիները եւս կատարեցին մաքրութեան իրենց բաժինը՝ մասնակցուեամբ մօտ 80 կամաւորներու: Մաքրուեցաւ Աքքարի Ապտէհէն Արիտա երկարող լողափը եւս:
Մաքրութեան արշաւախումբը պիտի հետեւի լիբանանեան ծովափի շարունակական մաքրութեան, իսկ վերջնական արդիւնքները պիտի յայտարարուին Յունիս 15-ին:






